Ֆրանսա- Երէկ Փարիզը ցնցած ահաբեկչութեան զոհերուն մէջ հայեր չկան: Այս մասին տեղեկութիւնը ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փոխանցած է Փարիզի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Էահէ Վահրամեանին կողմէ: Նշենք, որ այս տեղեկութիւնը կրնայ նախնական ըլլալ: Յիշեցնենք, որ Փարիզի տարբեր վայրերու մէջ «Իսլամական Պետութեան» ստանձնած ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուած էին 153 քաղաքացիներ, մինչ 220 ուրիշներ ծանրօրէն վիրաւորուած: