image

Պէյրութի աղէտալի պայթումէն 2 տարի ետք. կամ 730 օր առանց արդարութեան

Պէյրութի աղէտալի պայթումէն 2 տարի ետք. կամ 730 օր առանց արդարութեան

Դարու մեծ պայթումը. թերեւս շատեր այդպէս բնութագրեն երկու տարի առաջ ճիշդ այս օրը Պէյրութը «աղէտեալ գօտի»ի վերածած պայթումը։ Եւ իրաւամբ պայթումէն ետք ստեղծուած դրութիւնը, աւերուածութիւնները, քաոսը եւ մարդկային զոհերու պատկերն ու վիրաւորեալներու տառապալից գոչիւնները այդ մասին կը պատմեն։

Համատարած ցաւը, որուն համար պէյրութցիք ի մի կու գային բուժելու բացուած վէրքերը, քիչ անց կը վերածուէր քաղաքական պայքարի մը տանող ճանապարհի։ Ու փաստ է նաեւ, որ այսօր առկայ դրութիւնը, ուշացած արդարութեան աւելիով ուշացումը, զոհուածներու ընտանիքներուն անմխիթար իրավիճակը կարծէք ոչինչ փոխած են երկրի քաղաքական ճակատագիրը տնօրինողներու ամէնօրեայ աժանտա-ծրագրէն։

Մարդիկ իրենց վէրքերուն բուժում տալու կը նային, իսկ քաղաքական հրապարակի խաղացողները, որոնք «ուշացած փրկութեան» մը համար երեսփոխանական ընտրութիւններու օրակարգը առաջ տարին եւ միաժամանակ մնացին անտարբեր։

Անտարբեր են, որովհետեւ Պէյրութեան պայթումի իրական մանրամասնութիւնները ցարդ չեն բացայայտուած։

Անտարբեր են, որովհետեւ եղած պայթումին ամբողջական պատասխանատուները չեն բացայայտուած եւ անտարբեր են ի վերջոյ, որովհետեւ 200-է աւելի ինկած զոհերու «արեան գին»ը տակաւին չէ վճարուած։

Խորքին մէջ դրամ-փոխհատուցում (կամ արեան գին) չէ, որ կը փնտռեն զոհուածներուն հարազատները, այլ կը փնտռեն արդարութիւն եւ իրենց իսկ խօսքով այդ արդարութիւնը ի վերջոյ առիթ պէտք է իրականութիւն դառնայ, որ Լիբանան նմանօրինակ մեծ ցնցումներու ենթակայ չդառնայ։

Պայթումէն ետք ստեղծուած վիճակը դիտարկելէ անդին, կայ նաեւ երկրորդ երեսակ մը, որ կը պատմէ Լիբանանի եւ լիբանանցիներու «անճար» վիճակի մը մատնուած ըլլալուն մասին, այն պարզագոյն պատճառով, որ այն ինչ որ կը կատարուի Պէյրութի մէջ «տեղական բնոյթ» մը չունի։

Որո՞նք են, որ կը կռուին Պէյրութի համար։ Որո՞նք են, որ Պէյրութը դարձուցած են «նամակներու փոխանակման» կէտի մը եւ ի վերջոյ, ինչ ճակատագիր եւ քարտէզ կը գծուի երկար տարիներու պատերազմ եւ արիւն տեսած Լիբանանին համար։

Շատեր պիտի յարեն, որ հոն միայն ժողովուրդի մը խաչելութեան պատկերը չէ, այլ կան տարբեր գործօններ, որոնց ամէնէն շեղագիր գրութիւնը կը պատմէ արեւելք-արեւմուտք շատ հին, բայց միշտ նորացուող պայքարի մը մասին, որն անվերջ է նման այսօրուան տառապանքներուն, որ սկիզբ ունին, բայց վերջ չունին։

Լիբանանը կը շարունակէ այդ պայքարի մէջ յայտնուած երեխային նմանիլ, որ եկած է հարսանիքի մը, բայց խուլ է, չի լսեր հնչող «երաժշտութիւն»ը, չի գիտեր երաժշտութեան խազերը ու աւելին՝ չի հասկնար, որ եղած հարսանիքը իր փրկութեան համար չէ, այլ անոնց, որ աշխարհին կը ներկայանան «մեծ շահեր» պաշտպանողի դերերով։ 

Լիբանանի մասին գուցէ այսքան երկար մտորելու այսքան առիթներ պիտի չծագէին, եթէ այնտեղ հայութիւնը չունենար ամուր դիրք, քաղաքական դեր եւ համալիբանանեան «մոզայիք»ին մէջ պարկեշտ անուն շահած համայնք ըլլալու փաստ եւ ներկայութիւն։ Ու այդ բոլորին գումարել երկար տարիներու փորձ եւ համասփիւռքեան ու հայաստանեան ներկայութիւն։

Ու այս ցաւերուն մէջէն մեր աչքերուն բացուող այսօրուան մոխրագոյն տեսարանը, որուն մէջ կան սպի դարձած մեծ վէրքեր, որոնք սակայն կը կարմրին ամէն առիթի, երբ հացի, ջուրի, լոյսի եւ ամենօրեայ տագնապներու բեռան տակ, Լիբանանի պարզ քաղաքացին իր բախտը եւ ապրելու ապրումը կ՚անիծէ ...։

Շատ տեսութիւններ հրապարակուեցան, որոնք պատմեցին պայթումին պատճառ դարձած «Ամոնիոմ նիթրաթ» նիւթին մասին, այդ նիւթը Պէյրութ բեռած նաւուն մասին, տակաւին գծուեցան ու գրուեցան դաւադրական տեսութիւններ, սակայն այդ բոլորը մէկդի. այդ բոլորը անկարեւոր կը դառնան, այնքան ժամանակ, որ Լիբանանը իր քաղաքական ողջ վերնախաւով տէրը չէ երկրին, տէրը չէ երկրի քաղաքական որոշումին ու նաեւ առնուազն չի փորձեր համաձայնութեան փուլ մը գոյացնել մինչեւ աւելի լաւ համընդհանուր տեսարանի մը երեւումը։

Իսկ այդ ակնկալիքը անշուշտ կապ ունի արտաքին մեծ գործօններու հետ, որոնք կը գոյանան, կը մեծնան, կ՚աճին ու յաճախ ալ պայթումներու դուռ կը բանան։

Շահերու, պայքարներու, գաղափարական կամ նոյնիսկ յարանուանական քողով ծածկուած ընդհարումներու մէջ տարուբերուող Մերձաւոր Արեւելքի գոհար եղած Լիբանանը, այս օրերուն փրկութեան մը կարիքն ունի. եւ այդ փրկութեան թիւ մէկ նախապայմանը ներքին համերաշխութիւնն է, որուն մէջ ալ կարեւոր տեղ պէտք է տրուի արդարութեան։

Իսկ Պէյրութը քաոսի բերանը հասցուցած աղէտալի պայթումին վերաբերող թղթածրարին ամբողջացումը եւ բացայայտումը, այդ արդարութեան «առիւծի բաժին»ն է. անկասկած։

Սագօ Արեան

 «Յուսաբեր»

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...