image

Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ փայլուն եւ արհեստավարժ կերպով կատարել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը․ Արայիկ Յարութիւնեան

Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ փայլուն եւ արհեստավարժ կերպով կատարել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը․ Արայիկ Յարութիւնեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է․
«Սիրելի ՛ հայրենակիցներ
Անցած գիշեր առաջնագիծին, ընդհանուր առմամբ, պահպանուած է յարաբերական կայուն վիճակը: Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ փայլուն եւ արհեստավարժ կերպով կատարել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:
Պատերազմական իրավիճակին յատուկ պայմաններու մէջ արդիւնաւէտ  կը գործեն նաեւ պետական կառավարման բոլոր օղակները: Թէ՛ թիկունքին, թէ՛ առաջնագիծին բոլորը քաջ կը գիտակցին իրենց ընելիքները:
Ամէն ինչ կը գտնուի իմ անմիջական ու լիարժէք վերահսկողութեան ու համակարգման ներքոյ:
Յաղթանակը մերը պիտի ըլլայ, վստա՛հ եղէք»: