image

Պոլիս. Սիլիքոնեան հովիտի առաջատար անուններէն Մակտալենա Եշիլ՝ Ս. Խաչ Դպրեվանքի հիւր

Պոլիս. Սիլիքոնեան հովիտի առաջատար անուններէն Մակտալենա Եշիլ՝ Ս. Խաչ Դպրեվանքի հիւր

Օրերս, Պոլսոյ Ս. Խաչ դպրեվանքէն ներս հիւրընկալած է Ամերիկայի Սիլիքոնեան հովիտի յայտնի ձեռներէցներէն, ծնունդով գատըգիւղցի նախկին պոլսեցի՝ Մակտալենա Եշիլը, որ համբաւ կը վայելէ թեքնոբանութեան ու գործարարութեան աշխարհէ ներս ուշագրաւ նախաձեռնութիւններով։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ս. Խաչ Դպրեվանքի երդիքին տակ երէկ, 1 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ անմոռանալի հանդիպում մը։ Վարժարանը հիւրընկալեց Սիլիքոնային հովիտի առաջատար անուններէն մին՝ Մակտալենա Եշիլը։ Ան ծնունդով գատըգիւղցի նախկին պոլսեցի մըն է, որուն կեանքի ճամբան սկսած է այս քաղաքին մէջ, ապա շարունակուած Ամերիկա, համալսարանական երազով մը, իսկ ներկայիս Սիլիքոնային հովիտէն ներս՝ պատասխանատու պաշտօնի մը գլուխ։

Երէկուան հանդիպումը տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի ու քոյր վարժարաններու աշակերտներու եւ ուսուցիչներու մասնակցութեամբ, դառնալով անմոռանալի փորձառութիւն մը բոլոր անոնց համար, որոնք կ'ուզեն քաջ քայլերով գծել իրենց կեանքի հետագայ ուղին։