image

Մաքրոն նոր վարչապետ նշանակելէ առաջ հանդիպած է կուսակցութիւններու ղեկավարներու հետ

Մաքրոն նոր վարչապետ նշանակելէ առաջ հանդիպած է կուսակցութիւններու ղեկավարներու հետ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հոկտեմբեր 10-ի երեկոյեան պիտի նշանակէ երկու տարուան ընթացքին վեցերորդ վարչապետը՝ փորձելով դուրս բերել երկիրը քաղաքական փակուղիէն եւ կանխել նոր արտակարգ ընտրութիւններ։ Վարչապետի նշանակումէն առաջ Մաքրոն երկրի բոլոր հիմնական կուսակցութիւններու առաջնորդները հրաւիրած է Էլիզեան պալատ։ Այս մասին կը հաղորդէ France24-ը։

 

Նախագահական պալատին մէջ Մաքրոնի հետ հանդիպման պէտք է մասնակցին բոլոր կուսակցութիւնները, բացառութեամբ ծայրայեղ աջ «Ազգային ճակատ» եւ ծայրայեղ ձախ «Անկոտրում Ֆրանսա» կուսակցութիւններուն։

Սեպասթիան Լըքոռնիւն իր հրաժարականը ներկայացուցած էր հոկտեմբեր 6-ին՝ վարչապետի պաշտօնին նշանակուելէ ընդամէնը երեք շաբաթ ետք՝ դառնալով Ֆրանսայի ամենակարճ պաշտօնավարած վարչապետը։

 

Մաքրոնի խնդրանքով Լըքոռնիւն բանակցութիւններ վարած է քաղաքական ղեկավարներու հետ, որոնց աւարտին յայտարարած է, թէ մինչեւ տարեվերջ 2026-ի պիւտճէն հաստատելու յոյսեր կան։ Բացի այդ, պատգամաւորներու մեծամասնութիւնը արտայայտուած է խորհրդարանի լուծարումը մերժելու օգտին։