image

Էմիլի Մկրտիչեանի «Կար Ու Չկար» Ֆիլմը ցուցադրուած է Ֆրեզնոյի մէջ

Էմիլի Մկրտիչեանի «Կար Ու Չկար» Ֆիլմը ցուցադրուած է Ֆրեզնոյի մէջ

Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին եւ համալսարանին CineCulture ակումբին  կազմակերպութեամբ՝ Ուրբաթ, 19 Սեպտեմբերին, տեղի ունեցած է բեմադրիչ Էմիլի Մկրտիչեանի «Կար Ու Չկար» (There Was, There Was Not) ֆիլմին Ֆրեզնոյի մէջ անդրանիկ ցուցադրութիւնը։

Մրցանակակիր ֆիլմը պատմութիւնն է արցախցի չորս կիներու, 2020ի պատերազմէն ետք եւ Արցախի ցեղասպանութեան նախօրեակին միջեւ ինկող ճակատագրական ժամանակահատուածին ընթացքին։

Ձեռնարկը, որուն ներկայ եղած է նաեւ բեմադրիչը, տեղի ունեցած է համալսարանին «Փիթըրզ» կրթական կեդրոնի սրահին մէջ։