Լիբանանահայ օգտատէր՝ Սագօ Գասապեան կը գրէ՝
Քանի՞ հոգի կը ճանչնաս որ պաշտօնի օգտագործում ըրած է։
Էէէ Զարո՛ւկ, երեսիդ խաչ հանէ առտու կանուխ,- միտքէս «ասի՛ ուրտեղէն ելաւ» ըսելով:
Սորի սորի, «օգտագործում» սխալ ըսի, «չարաշահո՛ւմ» պիտ ըսէի. երեսիս խաչ հանած եմ, նիւթը մի՛ փոխեր։
Ի՞նչ կ՚ուզես։ Աճապարանօք եմ, քանի ամիս է ձայնդ չ'ելլեր կոր, եկեր ես հիմա աթոմական հարցում կու տաս պատասխան կ՚ուզես կոր, ձգէ երթամ յետոյ կը խօսինք։
Հա՛ա, կը խուսափի՛ս կոր։ Գիտե՛ս գիտե՛ս, շա՛տ գիտես, շատե՛ր գիտես։
Ես չե՛մ խուսափիր գիտես, պարզապէս աճապարանօք եմ,- ըսելով կ՚երթամ դէպի շէնքին շքամուտք։
Հաաա, օքէյ, գնա՛։ Քանի ամիս ձայնս չելա՛ւն ալ ճիշդ գիտես կոր...։ Չհարցնէ՛իր ո՞ւր էի, ի՞նչ հալի էի...։
Ո՞ւր էիր Զա՛րուկ, խէ՞ր իշալլա։
Խորացուած ուսումնասիրութիւններու մէջ էի.- առաստաղին նայելով ըսաւ Զարուկը՝ ակադեմականի մը դիմագիծը առած։
Իւֆֆ, աղուո՛ր է։ Ի՞նչ նիւթ կ՚ուսումնասիրէիր կոր.- լրջաձեւ հարցուցի։
«Պաշտօնի չարաշահումը 21-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ մեր օրեր - դէմքեր, դէպքեր».- առաստաղէն հայեացքը սուզելով դէպի գետին, շարունակեց Զարուկ, եւ աւելցուց.- ըսի քեզի՛ դիմեմ, որ «ֆիլ ին տը պլէնքս»ին օգնես. երկու բաժին կայ՝ «ուղղակի չարաշահում», եւ «անուղղակի չարաշահում»։
Ես կրնա՞մ օգնել քեզի, վստա՞հ ես։
Հոս, նայուածքը որ տուաւ Զարուկը մեր հարեւան, ինչքան պատկերաւոր ներկայացնեմ, հարի՛ւր տոկոս, ձախողած պիտ ըլլամ.- կ՚երթա՛յիր կոր,- ըսաւ,- գնա՛ հիմա, բայց գիտցիր որ երթալուն ետ գա՛լը կայ, ետ գալուն ալ երթա՛լը։
Գացի, ետ գալու մասին արդէն մտահոգ։ Զարուկը լուրջ էր ինչպէս մասթըրզի դիմած աւարտաճառը պատրաստողը կը լրջանայ։
Առ այդ, Շարունակելի...։