image

Տուշանպէի մէջ Փաշինեանն ու Տաճիկստանի նախագահը քննարկած են TRIPP-ն ու «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը

Տուշանպէի մէջ Փաշինեանն ու Տաճիկստանի նախագահը քննարկած են TRIPP-ն ու «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տուշանպէի մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Տաճիկստանի Հանրապետութեան նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի հետ:

Վերջինս ողջունած է ՀՀ վարչապետի այցը եւ նշած, որ այսօրուան հանդիպումը լաւ հնարաւորութիւն է քննարկելու երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացմանն ուղղուած օրակարգային հարցերը:

Վարչապետ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած ջերմ հիւրընկալութեան համար՝ աւելցնելով, որ ՀՀ Կառավարութիւնը կը կարեւորէ Տաճիկստանի հետ բազմոլորտ կապերու ընդլայնումն ու խորացումը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն նոր ազդակ հաղորդելու հետագայ քայլերու շուրջ:

Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման շնորհիւ ստեղծուած հնարաւորութիւններուն եւ տարածաշրջանին մէջ համագործակցութեան մթնոլորտի ամրապնդման, TRIPP նախագիծի եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի իրականացման:

Էմոմալի Ռահմոնը ողջունած է Ուաշինկթընի հանդիպման արդիւնքներով խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը եւ յայտնած է իր երկրի աջակցութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ: