Ռուս–Ուքրանական պատերազմի ընթացքին զոհուած է Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ անդամ Արմենուհի Կիւրեղեանի որդին, կը հաղորդէ «Հրապարակ»-ը։
28-ամեայ երիտասարդը երկար տարիներ հաստատուած էր Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ։ Ան պատերազմի մասնակցած էր իբրեւ զինուորական բժիշկ։ Զոհուելէն շուրջ երկու ամիս անց միայն հնարաւոր եղած է անոր մարմինը դուրս բերել ռազմի դաշտէն։ Աճիւնը արդէն տեղափոխուած է Հայաստան։
Վաղը՝ հոկտեմբեր 10-ին, հայրենի Վանաձոր քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան եւ հոգեհանգստի, եւ թաղման արարողութիւնները՝ ժամը 12.00-14.00-ին։