image

Պաքուն կը յաղթէ, նաեւ Իսրայէլի շնորհիւ. Intelligence online-ի անդրադարձը

Պաքուն կը  յաղթէ, նաեւ Իսրայէլի շնորհիւ. Intelligence online-ի անդրադարձը

Intelligence online հարթակը ծաւալուն յօդուած հրապարակած է արցախեան երկրորդ պատերազմի մասին՝ նշելով, որ Ատրպէյճանը հետախուզական պատերազմին մէջ յաղթած է իսրայէլական գործարքներու շնորհիւ: Հարթակը Ատրպէյճանի յաղթանակի կարեւոր մասը համարած է Իսրայէլի կողմէ Պաքուին տրամադրուած հետախուզական տուեալները:

Յօդուածը նշած է, որ մինչ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Թուրքիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքէն սուրիացի վարձկաններու Ատրպէյճանին օգնութեան, ինչպես նաեւ իսրայէլական արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքերուն վրայ, Իսրայէլը Պաքուին նաեւ հետախուզական տուեալներ կը տրամադրէր:

Իսրայէլական ընկերութիւնները Ատրպէյճանին տրամադրած են Լեռնային Ղարաբաղի աշխարհագրական բարձրաւանդակի մասին յստակ տուեալներ, ինչ որ ապահոված է Ատրպէյճանի բանակի ԱԹՍ-ներու առաւել դիւրին տեղաշարժը նշուած տարածքներով: Intelligence online-ը նշած է, որ այդ տուեալներու շնորհիւ անօդաչու թռչող սարքերը կարողացած են ճշգրիտ խոցել թիրախները եւ զգալի կորուստներ պատճառել հայկական կողմին:

Յօդուածագիրը նշած է, որ Իսրայէլը կարողացած է իր սարքերը փորձել Իրանի հարեւանութեամբ գտնուող տարածքներուն, ինչ որ Իրանի համար մեծ կարեւորութիւն ունի: