image

Շատ անյարմար իրավիճակ կրնայ ստեղծուիլ եթէ պատմութեան երթանք եւ հայկական տեղանուններ տեսնենք․ Միրզոյեանը՝ Ալիեւին

Շատ անյարմար իրավիճակ կրնայ ստեղծուիլ եթէ պատմութեան երթանք եւ հայկական տեղանուններ տեսնենք․ Միրզոյեանը՝ Ալիեւին

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, արձագանգելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի առաւելապաշտական յայտարարութիւններուն, չուզեր պատմութեան վաղ շրջաններուն յղում ընել։

«Շատ անյարմար իրավիճակ կարող է ստեղծուել, եւ հայկական տեղանուններ տեսնենք մի քիչ աւելի լայն տարածքի վրայ»,-ըսած է նախարարը։

Օրեր առաջ Ալիեւը, իւրովի մեկնաբանելով պատմութիւնը, նշած է, որ «հայերը Ցարական Ռուսիան Իրանէն ու Արեւելեան Անատոլիայէն բնակեցուցած է Ղարաբաղի մէջ» եւ որ «XX դարու ռուսական քարտէզներու մէջ Հայաստանի տարածքներու տեղանունները հիմնական ատրպէյճանական են»։

«Այդ քարտէզներուն մէջ Սեւանայ լիճ անունով լիճ չկայ, այլ կայ՝ Կէոյչայի լիճ», –ըսած է Ալիեւը։

Արարատ Միրզոյեանի խօսքով՝ Ալիեւի այս յայտարարութիւնը չի տեղաւորուիր խաղաղութեան գործընթացի տրամաբանութեան մէջ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը, ի պատասխան Ալիեւի այս առաւելապաշտական յայտարարութիւններուն, յայտնած է, որ իր համար, որպէս Հայաստանի կառավարութեան անդամ, աւելի ծանրակշիռ են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած հռչակագիրները, որոնցով կողմերը կը ճանչնան իրար տարածքային ամբողջականութիւնը։

«Խօսենք իրական Հայաստանի, իրական այսօրուայ սահմանների, Ադրբեջանի կողմից ճանաչուած սահմանների մասին, ի՞նչ կայ, կայ ստորագրութիւն մարդկային հռչակագրով սահմանների փոխադարձ ճանաչման եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վերաբերեալ։ Ինձ համար որպէս կառավարութեան անդամի սրա կշիռը անհամեմատ աւելի մեծ է»,-ըսած է նախարարը։