Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Կառավարութենէն ներս հանդիպում ունեցած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ խումբ մը եպիսկոպոսներու հետ։
Մասնաւորապէս, հանդիպման մասնակցած են Տէր Աբրահամ արքեպիսկոպոս Մկրտչեանը, Տէր Առաքել արքեպիսկոպոս Քարամեանը, Տէր Վազգէն արքեպիսկոպոս Միրզախանեանը, Տէր Անուշաւան եպիսկոպոս Ժամկոչեանը, Տէր Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեանը, Տէր Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանը, Տէր Առաքել եպիսկոպոս Տիգրանեանը, Տէր Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը։
Վարչապետը ողջունած է ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոնց հրապարակային կերպով արտայայտած սկզբունքային դիրքորոշման համար: Երկրի ղեկավարի խօսքով՝ այն թեման, որն արծարծած են Եպիսկոպոսաց դասի ներկայացուցիչներն իրենց յայտարարութեան մէջ, ցոյց կու տայ, որ անձնաւորուածի միջոցով շատ կարեւոր ընդհանրական օրակարգի հետ կ՚առնչուինք։
Նիկոլ Փաշինեանն իր խօսքին մէջ անդրադարձած է արժէքահեն հանրութիւն, արժէքահեն պետութիւն, արժէքահեն հասարակութիւն ունենալու խնդրին եւ նշած, որ պետութեան եւ հասարակութեան արժէքահեն ըլլալը կապուած է նաեւ հոգեւոր կեանքի հետ։
Ընդգծուած է, որ մեր արժէքներն առաջին հերթին կ՚առնչուին մեր հոգեւոր արժէքներուն, եւ իրականութեան մէջ ինչպիսի դեր ունին մեզի համար հոգեւոր արժէքները՝ ատոնք մեծապէս կը կանխորոշեն նաեւ պետութեան եւ հասարակութեան արժէքահեն ըլլալը։