image

ՀԱՊԿ երկիրները կողմ են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի արագ կնքման

ՀԱՊԿ երկիրները կողմ են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի արագ կնքման

«Մենք գոհունակութեամբ կը նշենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ամխուժ միջպետական ​​երկխօսութիւնը: Մենք կողմ ենք համապարփակ կարգաւորման եւ կողմերու միջեւ անվերապահ խաղաղութեան պայմանագրի արագ կնքման», -ըսուած է ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի Պիշքեքի գագաթնաժողովի արդիւնքով ընդունուած հռչակագրին մէջ։

Յիշեցնենք, որ այսօր Պիշքեքի մէջ տեղի ունեցած է ՀԱՊԿ առաջնորդներու գագաթբաժողովը, որուն կը մասնակցին՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը, Ղրղզստանի նախագահ Սատիր Ճապարովը, Տաճիկստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը եւ ՀԱՊԿ ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը: