image

Իրանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են միջուկային ծրագրի հետ կապուած հարցեր

Իրանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են միջուկային ծրագրի հետ կապուած հարցեր

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոէլ Պարոն քննարկած են Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը: Այս մասին յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Նախարարներն ի թիւս այլ հարցերու քննարկած են զարգացումները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուքրանական հակամարտութիւնը, միջազգային անվտանգութեան հետ կապուած իրադրութիւնը։

Արաքչին յայտարարած է, որ իրենք լրջօրէն տրամադրուած են միջուկային բանակցութիւններուն, քանի որ կ՚ուզեն վստահութիւն ձեւաւորել Իրանի միջուկային ծրագրի բնոյթի հանդէպ։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարն ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է հրաժարի այս հարցով իր առաւելապաշտական ​​մօտեցումէն։