image

Հալէպ. Հիմնուած է «Սուրիոյ հայկական Ֆոնտ»ը. Հիմնադիր կազմին անդամ է լրագրող Յովիկ Շեհիրեան (Լուսանկար)

   Հալէպ. Հիմնուած է «Սուրիոյ հայկական Ֆոնտ»ը. Հիմնադիր կազմին անդամ է լրագրող Յովիկ Շեհիրեան (Լուսանկար)

Մեր առաքելութիւնն է ամրապնդել համայնքային համախմբուածութիւնը, հզօրացնել եւ պահպանել մեր հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը, զարգացնել երիտասարդութեան ու կանանց հմտութիւնները ամբողջ Սուրիոյ տարածքին։

 

Հալէպահայ երիտասարդ լրագրող Յովիկ Շէհիրեանը, որ նոյնպէս աշխոյժ կերպով մասնակից է Հալէպի հայկական համայնքի հասարակական կեանքին, օրերս խումբ մը ընկերներու հետ հիմնած է «Սուրիոյ հայկական Ֆոնտ»ը։

Սոյն տեղեկութիւնը «Արեւելք» ստացաւ Հալէպէն։

Նշենք նաեւ, որ նորաստեղծ միութիւնը հրապարակած է հակիրճ հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛ըսուի հետեւեալը․

«Ուրախ ենք յայտարարելու, թէ “Syrian-Armenian Foundation”-ը պաշտօնապէս արտօնագրուեցաւ Սուրիոյ Ընկերային Հարցերու եւ Աշխատանքի նախարարութեան կողմէ։

Այս մէկը պատմական նուաճում է՝ ըլլալով առաջին ոչ պետական, այլ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւնը իր տեսակին մէջ, որ սկիզբ կ՛առնէ հայ համայնքէն եւ կը միտի ծառայելու Սուրիոյ ընկերութեան բոլոր շերտերուն։

Մեր առաքելութիւնն է ամրապնդել համայնքային համախմբուածութիւնը, հզօրացնել եւ պահպանել մեր հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը, զարգացնել երիտասարդութեան ու կանանց հմտութիւնները ամբողջ Սուրիոյ տարածքին։

Աւելի ուժեղ ապագայ մը կառուցելու համար՝ ժաման է իրարու զօրավիգ կանգնելու։»