image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Նուիրեալ դաստիարակ Մհեր Միհրանեան-Թահհանի մահը

  Հալէպ. Նուիրեալ  դաստիարակ  Մհեր Միհրանեան-Թահհանի մահը

 Օրերս իր մահկանացուն  կնքած է  Հալէպի   Ազգային  Քարէն-Եփփէ Ճեմարանի     երկար տարիներու դաստիարակ Մհեր Միհրանեան-Թահհանը։

Բօթին մասին «Արեւելք» իմացաւ   համացանցէն։

Ստորեւ   տրուած հակիրճ մահագրութիւնը՝

Այս առաւօտ սրտի խոր կսկիծով իմացանք ցնցող գոյժը՛ սիրուած մեր Դաստիարակ , Պրն. Մհեր Միհրանեան-Թահհանի մահուան, որ խոր ցաւ պատճառեց Ճեմարանի մեծ ընտանիքին՝ խնամակալութեան ,տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ աշակերտութեան:Շուրջ 24 տարիներու Դաստիարակ, հոգատար , ընկերային խառնուածքով օժտուած եւ նուիրեալ Պրն. Մհերը  յաւերժ պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ:

Ճեմարանի մեծ ընտանիքը իր խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնէ հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն ,աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած անոր հոգւոյն հանգստեան:

     Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: