Վատիկան- Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը կենսոլորտի տագնապալի իրավիճակին համար «Աղօթքի օր» յայտարարեց: Այս մասին այսօր յայտնեց «Ռատիօ Վատիկան»ը նշելով նաեւ, որ «Աղօթքի օր»ը պիտի կայացուի յառաջիկայ Սեպտեմբերին: Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ շուրջ 1.2 Պիլիոն Կաթողիկէ քրիստոնեաներ պիտի աղօթեն երկիր մոլորակին համար լուրջ տագնապի վերածուած կենսոլորտային խնդիրներուն համար: Վատիկանեան բանբեր մը նշեց, որ միջոցառումը սոսկ աղօթքի օր պիտի չըլլայ ու այդ օրուան ընթացքի աշխարհի բնակչութիւնը կարեւոր տեղեկութիւններ պիտի ստանայ կենսոլորտի ընդհանուր ծանր իրավիճակին մասին: Նշենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ Ֆրանչիսկոս Պապ կ'անդրադառնայ աշխարհը յուզող կենսոլորտի տագնապին: