image

Պաղտատի մէջ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի այցը երկրի Քրիստոնէական, Եզտի եւ այլ կրօններու աւանդապահութեան կեդրոն

Պաղտատի մէջ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի այցը երկրի Քրիստոնէական, Եզտի եւ այլ կրօններու աւանդապահութեան կեդրոն

Իրաքի Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը այցելած է Իրաքի Քրիստոնէութեան, Եզտի եւ այլ յարանուանութեանց Տնօրէնութիւն եւ ընդունուած աւանդապահութեան նախագահի կողմէ:

Այս մասին «Արեւելք» վերհասու դարձաւ Իրաքի Հայոցի Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Յունիսի 26ին Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը, ընկերակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ պարոն Կարապետ Գալուստեանի՝ այցելեց  Իրաքի Քրիստոնէութեան, Եզտի և այլ յարանուանութեանց Տնօրէնութիւն եւ ընդունեցաւ աւանդապահութեան  նախագահ՝  դոկտոր Րամի Ժոզէֆ Աղաջանին կողմէ:

Կը կարեւորենք յիշել որ անցեալ Ապրիլի 6ին դոկտոր Րամին այցելած էր Առաջնորդարան եւ մտերմիկ հանդիպում ունեցած Սրբազան Հօր հետ:

Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակ