image

Օր 21. Խերսով ռուսական ուժերու տիրապետութեան տակ, իսկ Քիէւի մէջ «պարէտային ժամ»

Օր 21. Խերսով ռուսական ուժերու տիրապետութեան տակ, իսկ Քիէւի մէջ «պարէտային ժամ»

Հասած ենք անշուշտ պատերազմի մը ջրբաժանային փուլին։ Ինչ պիտի ըլլայ Քիէւի անկումէն ետք, ուր պիտի դրուին պատերազմի նոր «սահմանները», ինչ ճակատագիր կը սպասէ Զելենսքիին ու ամենակարեւորը, ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք, ինչ վիճակի մէջ պիտի յայտնուի տնտեսական մեծ բեռան տակ անցած Ռուսաստանը։

 Այստեղ կարեւոր շեշտ մը եւս կայ, որ արդեօք այս պատերազմին մտած Ռուսաստանի նախագահը սխալ հաշուարկներ կատարե՞ց, կամ թէ վաղ թէ ուշ նման պատերազմի մը ընթացք առնելը կենսական է՞ր, ընթացք տալու խաղի նոր կանոններու։

 Բարդ հարցումներ են ասոնք, բարդ է նաեւ պատասխաններ փնտռելու գործը, սակայն արդէն իսկ ակնրեւ է, որ նոյնիսկ երկարատեւ ըլլալու պարագային, այս պատերազմը Ուքրանիոյ սահամններէն դուրս գալու մեծ շանսեր չունի։ Կրնա՞ն պատահիլ մեծ անակնկալներ, այո կրնան, սակայն մինչեւ այս պահը եւ մինչեւ պատերազմի 21-րդ օրը, այս պատերազմը կ՚ընթանայ խաղի բոլոր «ընդունելի» կանոններով։

 

 

Ռազմեր եւ ծանր հրետանիով ռմբակոծութիւններ. Իսկ Քիէւի մէջ «պարէտային ժամ»

Հակառակ անոր, որ ռազմական գործողութիւնները մասամբ դանդաղած են, բայց եւ այնպէս պատերազմը «հաստատակամ» կերպով կը շարունակուի։

Կիզակէտային կը շարունակեն մնալ մէկ կողմէ Ռուսաստանի պահանջները, իսկ միւս կողմէ ալ Ուքրանական բանակի դիմադրութիւնը կապուած մասնաւորապէս մայրաքաղաք Քիէւին։

Պատերազմին սկիզբէն ի վեր ալ Քիէւի մասին մի քանի առիթներով գրած եմ։ Ճիշդ է, որ Քիէւի մէջ ադամանդի կամ քարածուխի ու նաւթի մեծ ամբարներ չկան, սակայն որեւէ կերպով ալ Քիէւի անկումը պիտի դառնայ դարձակէտային այս պատերազմին ընթացքին։

Միւս կողմէ, երէկ իր տուած հերթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքի Ռուսաստանեան բանակի մամլոյ խօսնակ ՝ Իկոր Քոնաշենքով կը յայտարարէր, որ Խերսոն քաղաքն ամբողջութեամբ անցած է ռուսական բանակի տիրապետութեան տակ, բան մը, որ արդէն սպասելի էր։

Այստեղ կարեւոր է հասկնալ, որ արդեօք Ուքրանիոյ բանակի տիրապետութիւնէն Ռուսաց ձեռքը անցած այս քաղաքին ճակատագիրը ինչ պիտի ըլլայ, ֆամ ալ այլ կերպ ասած արդեօք այդ քաղաքը «ներքին» դիմադրութիւն մը ցոյց պիտի տայ ռուսներուն, բան մը որ կրնայ, ոչ միայն յաւելեալ գլխացաւ դառնալ Մոսկուային համար, այլ նաեւ կարեւոր նախընթաց այլ քաղաքներու համար։ 

Ինչ կը վերաբերի մայրաքաղաք Քիէւին, ապա անցնող ժամերը եղան բաւականին «քրիթիք» ժամեր։ Այն իմաստով, որ ռուսական հրետանին յաճախ թիրախի տակ առաւ անզէն բնակչութեան շրջաններ ու մասնաւորապէս բնակելի շէնքեր, որուն հետեւանքով ալ մարդկային կորուստներ գրանցուեցան։ Այս առումով ալ հարկ է նշել, որ այս պատերազմին առընթեր ռուսական կողմին համար մեծագոյն խնդիրը դարձաւ անզէն եւ խաղաղ բնակչութեան հիմնահարցը։ Ռուսաստանեան աղբիւրներ այս խնդրին մասին արտայայտուելով քանիցս մեղադրեցին Զէլէնսքիի իշխանակարգը նշելով, որ անոնք կը շահագործեն անզէն քաղաքայիններու (իրենց քաղաքացիներու) հարցը զանոնք վերածելով «մարդկային վահան»ի։

Իսկ ուքրանական կողմը, որ այս հարցը, որպէս «նուէր» կը գործածէ եւ անշուշտ իրեն օգնութեան կը կանչէ արեւմտեան ամբողջ մամուլը, կրակ բանալով ռուսաց դէմ, ու անշուշտ յայտարարելով, որ «տեսէ՚ք, ռուսները հոս նախճիր կը գործեն..»։

Ամէն պարագայի տակ, այս վիճակները պատերազմի բառարաններուն մէջ գրուած «անգիր կանոններ» են, եւ ցանկացած կողմ կը փորձէ դէպի իր կողմը դարձնել «ճշմարտութեան սլաք»ը, մոռնալով անշուշտ, որ ցանկացած կողմի (ենթադրեալ) յաղթանակի պարագային, այդ սեւ ժապաւէնները եւ կորուստի ցաւերը պիտի անցնին երթան պատմութեան ծոցը...։

Հիմա այստեղ կը շարունակէ էական մնալ իմանալ, այն պահը՝ «ճշմարտութեան պահ»ը, որուն հիմամբ ալ Ռուսաստան պիտի կատարէ իր վերջին հազար կամ հարիւր մեթրի «սփրինթ»ը ու անոր հրասայլներն ու թանկերը «տողանցեն» մեծ համուով ընկճուած ու աւերակուած Քիէւի գլխաւոր հրապարակներուն վրայ։ 

Միւս կողմէ հարկ է նաեւ հաշուի առնել Քիէւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքոյի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը։ Ուքրան գործիչը, որ երէկ հանդէս եկաւ յատուկ կոչով մասնաւորապէս նշած էր, որ հաշուի առնելով անցնող ժամերուն Քիէւի մէջ մարդկային զոհերու թիւի բարձրաձումը Քիէւ կը մտնէ ընդհանուր «Պարէտային ժամ»ը, որ գործադրութեան մէջ պիտի 36 ժամուան համար եւ այդ ընթացքին քաղաքացիներուն արգիլուած պիտի ըլլայ, որեւէ կերպ շրջագայելէ։

Իր կարգին ռազմական վերլուծաբան Ուաէլ Ալլամի, որ երէկ խօսեցաւ «Պի. Պի. Սի.» կայանէն նշեց, որ գետնի վրայ գրանցուող զարգացումները մեծաւ մասամբ լաւատեսական չեն։ Ալլամի նաեւ նշեց, որ Ուքրանիոյ տարածքով մէկ տեղի կ՚ունենան թէժագոյն մարտեր նշելով յատկապէս Խարքովի, Ցումիի, եւ Ռոտնայի ռազմաճակատները։

Մտավախութիւնն այն է, որ Ռուսաստան կը դիմէ աւելի ծանր միջոցներու գործի դնելով իր ծանրագոյն հրետանին (մասնաւորապէս Քիէւի պարագային), որուն ճամբով ալ ռուսական բանակը աւելի մեծ դիւրութեամբ պիտի թափանցէ եւ ձեռքին առնէ Ուքրանիոյ մայրաքաղաքը։

Բանակցութիւններ... եւ աննշան յոյսեր ...

Այս բոլորէն անդին եւ հակառակ մարդկային բաւական բարդ պայմաններուն երկու կողմերն ալ կը շարունակեն խօսիլ բանակցութիւններ իրականացնելու մասին։ Մինչ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած բանակցութիւնները կ՚ընթանային «դէմ-դիմաց» ձեւաչափով, այսօր արդէն անոնք կրնան գոյանալ «հեռավար» կամ համացանցային միջոցներով։ Խորքին մէջ, եթէ այսօր այդ բանակցութեանց կայացումը տեղի ունենայ, ապա այն պիտի ըլլայ «հեռավար» կապի, կամ բանակցութեան երկրորդ փորձը։

Այստեղ չպէտք է մոռնալ, որ այս բանակցութիւնները մեծ հաշուով կը նմանին «ջուր ծեծել»ուն, որովհետեւ ոչ մէկ կողմ պատրաստ է սանթիմ մ՚իսկ զիջիլ իր մօտեցումներէն։

Ռուսաստանի համար, այս «տաք» փուլին պատերազմը դադրեցնելը, շատ մեծ գին կրնայ ունենալ, իսկ Ուքրանացիք, որ արդէն սկսած են խօսիլ «ՆԱԹՕ-ին մեր անդամակցութիւնը, այդքան ալ կարեւոր ու կենսական չէ» ոճով մը, մեծ հաշուով ուշացած են։

 

Կայ նաեւ անշուշտ Ուքրանական կեցուածքի անյստակութիւն մը եւ նոյնիսկ «անկանխատեսելիութիւն» մը, որ կը ստեղծէ անվստահութեան մեծ վիհ։

Մինչ Ուքրան պաշտօնատարներ կը յայտարարեն, որ իրենք պատրաստ են բանակցութեան նստելու, անդին իրենց նախագահը, (որ վաղուց արդէն վաստակած է անհաւասարակշիռ եւ անհեռատես «ղեկավար» մը ըլլալու մակդիրը) կը խօսի դիմադրութեան արդիւնաւէտութեան մը մասին, մինչ իր երկրի քաղաքները կը դառնայ հրոյ ճարակ ու շատ հաւանաբար ալ գալիք օրերուն կրնան իյնալ (եթէ կրակը չդադրեցուի) ռուսական զօրքերուն ձեռքը։

Այս բոլորէն անդին, ուշագրաւ է Ռուսաստանի նախագահ Վ. Փութինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովի կողմէ եղած յայտարարութիւնը։ Փեսքով, որ յայտնի է իր սառնասրտութեամբ «հանգիստ» ոճով մը բառերը իրենց տեղը դնելով կ՚ըսէր, որ ռուսաստանեան բանակի գործողութիւնները կ՚ընթանան ճիշդ ժամանակի եւ համապատասխան կերպով, եւ իրենց բանակը կը յարգէ ժամկէտները, հետեւաբար տեղիք չկայ տագնապելու։

Հասած ենք անշուշտ պատերազմի մը ջրբաժանային փուլին։ Ինչ պիտի ըլլայ Քիէւի անկումէն ետք, ուր պիտի դրուին պատերազմի նոր «սահմանները», ինչ ճակատագիր կը սպասէ Զելենսքիին ու ամենակարեւորը, ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք, ինչ վիճակի մէջ պիտի յայտնուի տնտեսական մեծ բեռան տակ անցած Ռուսաստանը։

Այստեղ կարեւոր շեշտ մը եւս կայ, որ արդեօք այս պատերազմին մտած Ռուսաստանի նախագահը սխալ հաշուարկներ կատարե՞ց, կամ թէ վաղ թէ ուշ նման պատերազմի մը ընթացք առնելը կենսական է՞ր, ընթացք տալու խաղի նոր կանոններու։

Բարդ հարցումներ են ասոնք, բարդ է նաեւ պատասխաններ փնտռելու գործը, սակայն արդէն իսկ ակնրեւ է, որ նոյնիսկ երկարատեւ ըլլալու պարագային, այս պատերազմը Ուքրանիոյ սահամններէն դուրս գալու մեծ շանսեր չունի։ Կրնա՞ն պատահիլ մեծ անակնկալներ, այո կրնան, սակայն մինչեւ այս պահը եւ մինչեւ պատերազմի 21-րդ օրը, այս պատերազմը կ՚ընթանայ խաղի բոլոր «ընդունելի» կանոններով։

 

Սագօ Արեան

 

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...