image

Օդանաւը Առեւանգողը Կը Կոչուի Իպրահիմ Սըմահա Իսկ Դէպքին Դրդապատճառը Անձնական Է

Օդանաւը Առեւանգողը Կը Կոչուի Իպրահիմ Սըմահա  Իսկ Դէպքին  Դրդապատճառը  Անձնական Է

Եգիպտական    Airbus -320 տիպի  օդանաւը առեւանգող զինեալը կը կոչուի Իպրահիմ Սըմահա:  Ան     Կիպրոսի մարմիններէն պահանջած է  քաղաքական ապաստանեալի կարգավիճակ ստանալ:  Լրատուական տարբեր աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Սըմահայի   այս քայլը զուտ անհատական դրդապատճառներ ունի, որովհետեւ անոր կինը կիպրացի է եւ ան  հակառակ իր բազմիցս   ըրած դիմումներուն, չէ կրցած կիպրական հպատակութիւն ստանալ: Աղէքսանդրիոյ պետական  համալսարանի կայքին հաղորդմամբ Իպրահիմ Սըմահա, որպէս   անասնաբուժութեան դասախօս  կը պաշտօնավարէ Աղէքսանդրիոյ մէջ: Նշենք, որ առեւանգուած  օդանաւին  վրայ եղող բոլոր ուղեւորները ազատ արձակուած  են իսկ Եգիպտոսի դատական  բարձրագոյն ատեանի մէկ բանբերը յայտնած է, որ դէպքին շուրջ արագօրէն քննութիւն պիտի բացուի: