image

Քալիֆորնիոյ թիւ 101 ազատուղին պիտի կոչուի՝ մեր հայրենակից՝ Խաչօ Աշաճեանի անունով

Քալիֆորնիոյ թիւ 101 ազատուղին պիտի կոչուի՝ մեր հայրենակից՝  Խաչօ Աշաճեանի անունով

Ամերիկահայութիւնը, օրերս աննախընթաց ուրախալի իրողութեան մը ականատես դարձաւ, երբ Քալիֆորնիոյ թիւ 101 ազատուղիին Կեդրոնական Քալիֆորնիայէն անցնող հատուած մը, որ կը միացնէ Փիզմօ Պիչ եւ Արոյօ Կրանտէ քաղաքները, կոչուեցաւ հանգուցեալ ամերիկահայ քաղաքական գործիչ Խաչօ Աշաճեանի անունով։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`

Կիրակի, 30 Յունիսին տեղի ունեցած պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին, Քալիֆորնիոյ թիւ 101 ազատուղիին Կեդրոնական Քալիֆորնիայէն անցնող հատուած մը, որ կը միացնէ Փիզմօ Պիչ եւ Արոյօ Կրանտէ քաղաքները, կոչուեցաւ հանգուցեալ ամերիկահայ քաղաքական գործիչ Խաչօ Աշաճեանի անունով, ինչ որ աննախընթաց իրողութիւն մըն է։

Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ դարձած Խաչօ Աշաճեանի քաղաքական ասպարէզը «Ամերիկեան երազ»ին մարմնացումը կը հանդիսանայ։

Լիբանանի Շթորա գիւղաքաղաքը ծնած Խաչօ Աշաճեան իսկական հայրենասէր մըն էր եւ շրջանի հայ համայնքի գործօն անդամներէն մէկը։ Ան կարեւոր աշխատանք տարած էր քաղաքական ասպարէզ մտնել փափաքող հայ երիտասարդներու զօրակցելու եւ անոնց համար օրինակելի տիպար մը հանդիսացած էր, միշտ կարեւոր համարելով իր հայկական արմատները, նոյն ատեն լաւապէս ներկայացնելով Սան Լուի Օպիսպոյի եւ մօտակայ շրջաններու բնակչութեան իրաւունքները Սան Լուի Օպիսպոյի վերահսկիչներու խորհուրդին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ։

Ան 2010ին ընտրուած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ՝ հանդիսանալով առաջին ներգաղթող հայը, որ այդ մարմինին անդամ կ՛ընտրուի։ Նահանգային խորհրդարանին մէջ ան ապահովեց հաստատումը շարք մը հայանպաստ բանաձեւներու, որոնց շարքին էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող, հանրային վարժարաններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը կարելի դարձնող, Թուրքիայէն նահանգային ներդրումները ետ քաշելուն վերաբերող, Արցախի ինքնորոշման ճանաչումը ջատագովող, Թուրքիոյ բռնագրաւած հայկական եկեղեցիներու վերադարձը պահանջող եւ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ատրպէյճանական բռնարարքները դատապարտող բանաձեւեր։

2013ին, ան մաս կազմած էր դէպի Հայաստան եւ Արցախ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներու շրջապտոյտին եւ վերադարձին կազմեց Քալիֆորնիոյ հայկական օրէնսդրական համախմբումը։

Խաչօ Աշաճեան արժանացած է Արցախի նախագահական եւ Մխիթար Գօշի անուան երախտագիտութեան շքանշանին ու 2013ին՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Տարուան Օրէնսդիրը» մրցանակին։ Ան իր պաշտօնավարութեան ընթացքին միշտ նեցուկ կանգանած էր մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ Հայ Դատի ջատագովման տարեկան ձեռնարկներուն եւ նպաստած էր Հայ Դատի այլ նախաձեռնութիւններու։

Ան մեծապէս յարգուած քաղաքական գործիչ մըն էր, որուն փաստերէն մէկը այն էր, որ հանրապետական ըլլալով հանդերձ՝ խորհրդարանական յանձնախումբի մը ատենապետ նշանակուած էր դեմոկրատներուն կողմէ։

Նաեւ նշենք, որ տէր եւ տիկ. Խաչօ եւ Արաքսի Աշաճեանները 2016ին ստանձնած էին ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 41րդ մարզախաղերուն Պատուոյ նախագահութիւնը։