image

Կլենտէյլի Նամակատունը պիտի կոչուի Փօլ Իկնէյշըսի (Իքնատոսեան) անունով

Կլենտէյլի Նամակատունը պիտի կոչուի Փօլ Իկնէյշըսի (Իքնատոսեան) անունով

Օրերս, Ներկայացուցիչներու տունը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի կողմէ ներկայացուած բանաձեւը՝ Կլենտէյլի մէջ, 6444 San Fernando Road հասցէին գտնուող նամակատունը Միացեալ Նահանգներու ծովուժի նախկին քարտուղար Փօլ Իկնէյշըսի (Իքնատոսեան) անունով կոչելու վերաբերաել։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող ՝ «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`

Երկուշաբթի, 3 Յունիսին, Ներկայացուցիչներու տունը միաձայնութեամբ վաւերացուց Կլենտէյլի մէջ, 6444 San Fernando Road հասցէին գտնուող նամակատունը Միացեալ Նահանգներու ծովուժի նախկին քարտուղար Փօլ Իկնէյշըսի անունով կոչելու` քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի կողմէ ներկայացուած բանաձեւը։

Այժմ բանաձեւը պէտք է վաւերացուի Ծերակոյտին կողմէ։

Նախքան Ներկայացուցիչներու տան մէջ կատարուած քուէարկութիւնը, Շիֆ ներկայացուց Իկնէյշըսի յատկանշական իրագործումները։

Կլենտէյլի մէջ 1920ին ծնած Փօլ Իկնէյշըս զաւակն է Յովսէփ Իկնէյշըսի (Իքնատոսեան) եւ Էլիզա Ժամկոչեանի: Ան Միացեալ Նահանգներու ծովուժի քարտուղարի պաշտօնը վարած է 1967էն 1969 տարիներուն եւ եղած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարի օգնականներէն մէկը՝ նախագահ Լինտըն Ճանսընի նախագահութեան օրերուն: 2019ին, ծովուժի ամէնէն արդիական խորտանաւերէն («Արլէյ Պրուք» դասակարգի) մէկը կոչուեցաւ Իկնէյշըսի անունով՝ USS Paul Ignatius (DDG-117):