Արեւմուտքը կը փորձէ խարխլել Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի կայունացման պայմանաւորուածութիւնները. այս մասին այսօր Մինսքի մէջ ԱՊՀ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի արդիւնքներով մամուլի ասուլիսին ըսած է Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը։
«Միացեալ Նահանգները եւ անոր արբանեակները կը փորձեն խարխլել Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի կայունացման պայմանաւորուածութիւնները: Անոնք չեն ուզեր, որ իրականացուին այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ օգնութեամբ»,-ըսած է ան:
Լաւրովի խօսքով՝ Արեւմուտքը նոյնպէս կը փորձէ աշխուժօրէն ներթափանցել Կեդրոնական Ասիա։
«Անոնք կը ստեղծեն տարբեր ձեւաչափեր, որոնք բացայայտ ուղղուած են Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ։ Ռազմավարական առումով Արեւմուտքի գիծը դատապարտուած է ձախողման»,-աւելցուցած է ան։