image

Նուիրեալներ. Այն մասին, որ կամաւորականը ինչպէս կարողացաւ 42 վիրաւոր դուրս բերել Շուշիէն

Նուիրեալներ. Այն մասին, որ կամաւորականը ինչպէս կարողացաւ 42 վիրաւոր դուրս բերել Շուշիէն

 

«Զինուժ մետիան» ռեփորթաժ պատրաստած է կամաւորական Ժիրայր Գէորգեանի մասին, որ պատերազմի երկրորդ օրէն «ՈւԱԶ»-ով վիրաւորներ տեղափոխած է հիւանդանոց:

 

Պատերազմի ամենաթէժ կէտերուն վրայ մարտի դաշտէն թշնամիի կրակի տակ «ՈւԱԶ»-ով բազմաթիւ վիրաւորներ տարհանած Ժիրայրի երթուղին կրկին նոյնն է՝ դէպի հիւանդանոց. այս անգամ, սակայն, տղոց տեսակցելու նպատակով։

«Ինչը ես արել եմ, իմ ազգի համար եմ արել, որ ես հայ եմ, ուրիշ ոչ մի բանի համար»,- ըսած է կամաւորական Ժիրայր Գէորգեանը։

Կամաւոր զինուորագրուած ու ընկերներուն հետ պատերազմի երկրորդ օրը Արցախ մեկնած Ժիրայրի պատմութեան գագաթնակէտը 6 նոյեմբերին էր, երբ Շուշիի մատոյցներուն թէժ մարտերու ժամանակ դաշտին մէջ լքուած «ՈւԱԶ» գտաւ ու այդ պահէն որոշեց ստանձնել առաջնագիծէն վիրաւորները տարհանելու եւ հիւանդանոցներ հասցնելու առաքելութիւնը։

Ժիրայրը յաջողած էր 42 վիրաւորներ դուրս բերել մարտադաշտերէն։

Թշնամիի կրակաերթերու հետքերն ու հետեւանքները ոչ միայն մեքենայի վրայ, այլ նաեւ Ժիրայրի միտքին մէջ դեռ թարմ են։

Վիրաւորները տեղափոխելու ժամանակ հրաշքով փրկուելու դէպքերն ալ կը յիշէ մէկ առ մէկ. «Մեր ընկերը գոռում է՝ Ժիրօ, դուրս արի ըտեղից։ Յետ եմ տալիս ու սնարիատն (ռումբ) ընկնում ա դէմս»։

Պատերազմի աւարտէն ետք ալ Ժիրայրը շաբթուայ կէսէն աւելին Արցախ է։ Սեփական նախաձեռնութեամբ, այժմ ալ ընկերներուն հետ շինարարական նիւթեր կը հաւաքեն եւ կը տանին այնտեղ, կ'օգնեն արցախցիներուն՝ նորոգելու իրենց տուները։