Ինչպէ՜ս հրճըւիմ երբ չունիմ ժպիտ,
Երբ յուսահատ են հէքիաթներըս հին,
Աւերակ սրտէս՝ կաթիլ առ կաթիլ,
Հայու արցունքով լցուած ովկիանին։
Ինչպէ՜ս հրճըւիմ երբ չկայ խորան,
Երբ գոց են դռներն հայ հոգիներու,
Երբ պատարագի լոյսերը անմար,
Դեռ մուգ կը թըւին սրտաբեկ հայուն։
Իմ տեղը ահա, զըւարթ ու անգին,
Աչքերուս վերջին կաթիլն է խօսուն,
Կեանքիս կեանք տըւող իմ հայ կանթեղին,
Կաթիլըս հպարտ, կաթիլըս՝ բեղուն։
Ես կը հրճուիմ՝ երբ արդարախանդ
Հրդեհուած սրտէս եռուն մի սերունդ,
Պայքարի դէմը անհուն լռութեան,
Եւ ճանչնայ զքեզ, իմ հայ ժողովուրդ։
Կայլակ
«Ոսկէ Օրէնքը» գիրքէն