1 Մարտին Պոլսոյ մէջ հայազգի լենկենտար լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի թանգարանէն ներս բացուած է լուսանկարիչի աշխատանքներու ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Կիւլէրի աշխատանքները, որ 60 տարի առաջ պատահաբար յայտնաբերած էր անթիք քաղաք Ափրոտիսիասը, որ կը գտնուի թրքական Այտըն նահանգին մէջ: Յանձնարարութենէն վերադարձող Կիւլէրը եւ անոր վարորդը ճանապարհին մոլորուած են եւ յայտնուած գիւղի մը մէջ, որուն բնակիկչները առօրեայ կեանքին մէջ կ'օգտագործէին հնագոյն քարեր եւ սիւներ, կը յայտնէ «Անատոլուն»:
2017 թուականին Ափրոտիսիաս քաղաքը մտած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ:
Ցուցահանդէսը, որուն մէջ ներկայացուած են հնագոյն քաղաքի եւ անոր շրջակայքի լուսանկարները, բաց պիտի ըլլան մինչեւ սեպտեմբեր:
Յիշեցնենք, որ Կիւլէրը 90 տարեկանին մահացած է անցեալ տարի: