image

Մըզհէր. Բացումը կատարաուած է  ՀՄԸՄ-ի Վերանորոգուած «Դրօ Մանտալեան» անունը կրող  յարկին 

Մըզհէր. Բացումը կատարաուած է  ՀՄԸՄ-ի Վերանորոգուած «Դրօ Մանտալեան» անունը կրող  յարկին 

Ուրբաթ, 11 յուլիս 2025-ին ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղը հանդիսաւոր կերպով նշեց իր նստավայրի վերանորոգուած յարկի բացման արարողութիւնը: Յարկը ամբողջութեամբ վերանորոգուեցաւ ի յիշատակ Դրօ Մանտալեանի, որուն յուշանկարին դիմաց կատարուեցաւ յարկի բացումը:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ծովինար Ժալըֆեան: Մասնաճիւղի ատենապետ Կարօ Պէրպէրեան արտասանեց վարչութեան խօսքը` ընդգծելով, որ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը կը շարունակուի հետեւողական նուիրումով, եւ այսօրուան հանդիսութիւնը վկայ է այդ շարունակականութեան: «Այսօր կը նշենք վերանորոգուած յարկի բացումը: Յարկ մը, որուն պատերը վկան կը հանդիսանան ՀՄԸՄ-ի նուիրումին, պատմութեան եւ մեր երէց եղբայրներուն յիշատակին: Այդ երէցներէն էր նաեւ Դրօ Մանտալեանը` վստահութիւն, խաղաղութիւն եւ նուիրում մարմնաւորած անձնաւորութիւն մը, որուն ժառանգութիւնը այսօր կը շարունակուի», նշեց ան:

Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիզա Մանտալեանին, որ ի յիշատակ իր ամուսնոյն` ստանձնած էր վերանորոգութեան ամբողջական ծախսերը: «Ձեր նուիրումը դարձաւ արժէք, պատգամ եւ ներշնչում», շեշտեց Կ. Պէրպէրեան:

Վարչութիւնը նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց հետեւողական աջակցութեան եւ նուիրուածութեան շնորհիւ` կարելի եղաւ իրականութիւն դարձնել այս ծրագիրը:

Իր սրտին խօսքը արտասանեց Լիզա Մանտալեան, որ արտայայտեց իր ամուսնոյն նկատմամբ ունեցած անսահման յարգանքն ու սիրոյ ժառանգութիւնը` հաստատելով, որ ան միշտ իր կողքին պիտի մնայ:

Յաջորդաբար խօսք առին նաեւ Դրօ Մանտալեանին հայրը` Ժաք Մանտալեանը  եւ Դրոյին հետ գործակցած ու աշխատած Իշխան Եղիայեանը` յուզիչ յիշատակներ եւ տպաւորութիւններ բաժնեկցելով:

Հանդիսութեան աւարտին ներկաները շրջեցան վերանորոգուած յարկը, որ կը ներառէ սկաուտական սենեակներ, մարզական դաշտեր, ինչպէս նաեւ` ճատրակի եւ այքիտոյի յատուկ տարածք: