Հարաւային Կովկասի մէջ ճանապարհներու հետ տեղի ունեցածը բոլորովին կը տարբերի անկէ, ինչ ենթադրաբար պէտք է տեղի ունենար. այս մասին Tasnim գործակալութեան հաղորդմամբ՝ ըսած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Սէյիտ Ապպաս Արաքչին՝ մեկնաբանելով «Թրամփի ուղի»ի վերաբերեալ Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած հայ-ատրպէյճանա-ամերիկեան պայմանաւորուածութիւններուն:
«Ես չեմ ըսեր, որ տեղի ունեցողը մտահոգիչ չէ։ Հայ պաշտօնեաներու՝ մեզի ըսածներու հիման վրայ, այս ճանապարհը պէտք է կառուցէ ամերիկեան ընկերութիւն մը, որ պիտի գրանցուի հայկական օրէնսդրութեան համաձայն եւ պիտի գտնուի հայկական ինքնիշխանութեան ներքոյ: Հայերը մեզի կ՚ըսեն, որ անոնք դիտարկած եւ ուշադրութիւն դարձուցած են Իրանի բոլոր կարմիր գիծերուն այս առումով», - ըսած է Արաքչին։
Դիւանագէտը աւելցուցած է, որ հայ պաշտօնեաներու խօսքով՝ «այնտեղ ամերիկեան ուժեր պիտի չտեղակայուի, եւ ուղիի անվտանգութիւնը պիտի ապահովէ Հայաստանը»։
«Ասոք հայ պաշտօնեաներու ըրած յայտարարութիւններն են, ի հարկէ, մենք նոյնպէս պիտի ձեռնարկենք անհրաժեշտ նախազգուշական միջոցները», - ընդգծած է ան։