Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը յայտնած է, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մօտ ժամանակներս պիտի այցելէ Ռուսիա։ Օվերչուքը նաեւ յայտնած է, որ յաջորդ շաբաթ ալ ինքը պիտի մեկնի Երեւան՝ քննարկելու Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ (ԵԱՏՄ) Հայաստանի աշխատանքը։
«Ես յաջորդ շաբաթ պիտի մեկնիմ Երեւան», – լրագրողներուն ըսած է Օվերչուքը, յայտնած է ԹԱՍՍ-ը։
«Ուղեւորութիւնն ինքնին նախապէս ծրագրուած էր։ Այդ կապուած է այն փաստի հետ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւական շրջանակներուն մէջ յայտնուած է նոր իրաւական արձանագրութիւն՝ Հայաստանի կառավարութեան որոշում, որ, մեր կարծիքով, կը հակասէ Եւրասիական տնտեսական միութեան օրէնսդրութեան»։
Օվերչուքի խօսքով՝ այս հարցը պիտի քննարկուի առաջիկայ այցի ընթացքին։
«Յետոյ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում, ստորագրուեցաւ հռչակագիր։ Հետեւաբար, կը սպասուի նաեւ, որ հնարաւոր է հանդիպում ըլլայ [ՀՀ վարչապետ] Նիկոլ Վովաեւիչ Փաշինեանի հետ, ուր մենք պիտի քննարկենք որոշակի նրբերանգներ, որոնք հիմնական կապուած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հետ», –ըսած է ան։
Փոխվարչապետը նշած է, որ Ռուսիան հետաքրքրուած է Հարաւային Կովկասի մէջ իր շահերուն վերաբերող հարցերով, այդ շարքին՝ երկաթուղային հաղորդակցութիւններու զարգացմամբ։