image

Նաւալնիի մարմինը յանձնած են մօրը

Նաւալնիի մարմինը յանձնած են մօրը

Ռուսիոյ Դաշնութեան ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի մարմինը յանձնած են մօրը՝ Լիւտմիլա Նաւալնաեային։

Այդ մասին X-ի միքրոպլոկին գրած է  քաղաքական գործիչի մամուլի քարտուղար Քիրա Եարմիշ։

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք պահանջած են Ալեքսէյ Նաւալնիի մարմինը փոխանցել ընտանիքին։ Եարմիշ նշած է, որ յուղարկաւորութեան մասին տեղեկատուութիւնն աւելի ուշ պիտի ըլլայ.-

«Մենք չենք գիտեր, թէ արդեօք իշխանութիւնները պիտի խոչընդոտեն այնպիսի յուղարկաւորութեան իրականացումը, ինչպիսին ընտանիքը կը ցանկայ, եւ որուն արժանի է Ալեքսէյը»,- նշած է Եարմիշ:

Ալեքսէյ Նաւալնին մահացած էր 16 փետրուարին ուղղիչ գաղութին մէջ։ Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային քրէակատարողական ծառայութիւնը հաղորդած էր, որ կատարուած են բոլոր անհրաժեշտ վերակենդանացման միջոցառումները, որոնք դրական արդիւնք չեն տուած։