image

Դեսպան Խարազեանն իր հաւատարմագրերը յանձնած է Սուրիոյ նախագահ՝ Ահմատ Շարըհին

Դեսպան Խարազեանն իր հաւատարմագրերը յանձնած է Սուրիոյ նախագահ՝ Ահմատ Շարըհին

Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ռուբէն Խարազեանը 20 հոկտեմբեր 2025-ին իր հաւատարմագիրը յանձնած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Ահմետ Շարըհին:

Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութենէն յայտնած են, որ յանձնման արարողութենէն ետք, Սուրիոյ նախագահի հետ կայացած է առանձնազրոյց, որուն ներկայ էր Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շայպանին:

Զրոյցի ընթացքին դեսպանն անդրադարձած է հայ-սուրիական համագործակցութեան հեռանկարներուն։ Ան նշած է, որ Հայաստանն ու Սուրիան համագործակցութեան մեծ ներուժ ունին՝ հիմնուած երկու երկիրներու ժողովուրդներու միջեւ կապերու հազարամեայ պատմութեան վրայ:

Ռուբէն Խարազեանը Սուրիոյ նախագահին տեղեկացուցած է Հայաստանի պատրաստակամութեան մասին՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ կապերը խթանելու վերաբերեալ:

«Հայաստանը ցանկանում է երկկողմ յարաբերութիւններին նոր լիցք հաղորդել եւ խորացնել համագործակցութեան հնարաւոր ոլոտները»,-ըսած է դեսպանը: