Կիպրոսի Խորհրդարանին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեանի դիմատետրի էջէն կը կարդանք՝
Հինգշաբթի , 16 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Հայ Համայնքի Պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ իր գրասենեակէն ներս, ՀԲԸՄի Նիկոսիոյ Մասնաճիւղի Միջանկեալ Գործող Վարչութեան հետ: Նորանշանակ մարմինը կը գլխաւորէր ատենապետ՝ Տիկին Էլօ Քեսթերլեանը:
Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ գաղութէն ներս համագործակցութեան, կայունութեան եւ բարօրութեան գոյացման կարեւորութիւնը: Պրն. Մահտեսեան շնորհաւորելէ ետք նորանշանակ մարմինը՝ իր անվերապահ նեցուկը յայտնեց համագաղութային գործակցութեան՝ ի շահ կիպրահայութեան ազգային դիմագիծին պահպանման, համախորհուրդ աշխատանքներուն եւ ազգային միաւորներուն աշխուժութեանց: Ան ընդգծեց նաեւ բոլորին նկատմամբ իր անաչառ եւ դրական վերաբերմունքը: Արծարծուեցան նաեւ կրթական եւ համայնքային հարցեր: Հանդիպումը անցաւ ջերմ եւ սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ: