Յայտնաբերուած է հոկտեմբեր 17-էն որպէս անհետ կորսուած որոնուող 23-ամեայ Այշաթ Պայմուրատովայի դիակը։ Այս մասին յայտնած են Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութենէն։
Հոկտեմբեր 19-ին ՆԳՆ ոստիկանութեան կառավարման կեդրոն զանգած է քաղաքացի մը եւ յայտնած, որ Երեւանի Դեմիրճեան փողոցի վարձակալութեան տրուած բնակարաններէն մէկուն մէջ կնոջ դի կայ։
Նշանակուած են փորձաքննութիւններ։ Հանգամանքները կը պարզուին։ Կը կատարուի նախաքննութիւն։