Պաղեստինեան «Համաս» շարժման մօտ պահուող մնացեալ 13 իսրայէլցի պատանդները եւս ազատ արձակուած են։
Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին Reuters-ին յայտնած է պատանդներու ազատ արձակման գործընթացին մէջ ներգրաւուած պաշտօնեան։
Պատանդառուած իսրայէլցիներու վերջին խումբը յանձնուած է Կազայի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին։
Հոկտեմբեր 13-ի առաւօտեան ազատ արձակուած էին եւս 7 իսրայէլցի պատանդներ։ Այդպիսով, բոլոր իսրայէլցի գերիները կը վերադառնան տուն։
Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ հաստատուած համաձայնութեան շրջածիրէն ներս ազատ արձակման ենթակայ բոլոր 1966 պաղեստինցի բանտարկեալները եւս կը պատրաստուին լքել իսրայէլեան բանտերը։