image

Նախագահ Սահակեան ընդունած է ՀՀ պատուիրակութիւնը

Նախագահ Սահակեան ընդունած է ՀՀ պատուիրակութիւնը

Նախագահ Բակօ Սահակեան 21 փետրուարին ընդունած է Սահմանադրական հանրաքուէի ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն ծաւալելու նպատակով Արցախ ժամանած ՀՀ պատուիրակութիւնը՝ ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Էտուարտ Շարմազանովի գլխաւորութեամբ:

Երկրի ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնած է ՀՀ-էն ժամանած դիտորդներուն, ընդգծելով, որ Մայր Հայաստանի քաղաքական, գիտավերլուծական, հասարակական, տեղեկատուական շրջանակներու ներկայացուցիչները Արցախի բոլոր ընտրութիւններուն կ'իրականացնեն դիտորդական առաքելութիւն՝ բարձր գնահատելով անոնց անաչառ եւ արհեստավարժ պահուածքը:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են նաեւ հայկական երկու պետութիւններու փոխգործակցութեան, ԼՂՀ պետականաշինութեան, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող տարբեր հարցեր: