image

Իրանը խաղաղութիւն տարածող երկիր է. Իրանի նախագահ

Իրանը խաղաղութիւն տարածող երկիր է. Իրանի նախագահ

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտարարած է, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը պատրաստ է աջակցիլ ռազմական գործողութիւններու, բռնութիւններու դադրեցման եւ ամբողջ աշխարհի մէջ անվտանգութեան հաստատման:

Այս մասին Փեզեշքիան յայտարարած է Նորվեկիոյ վարչապետ Եոնաս Կար Սթերէի հետ հեռախօսազրոյցին, հաղորդած է ԻՌՆԱ։

Ան նշած է, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը կը փորձէ խաղաղութիւն եւ բարեկամութիւն տարածել:

Միեւնոյն ժամանակ, ան դատապարտած է ցանկացած յարձակում ցանկացած վայրի մէջ եւ պատրաստ է համագործակցիլ աշխարհի մէջ ցանկացած բռնութիւն եւ անվտանգութեան բացակայութիւն դադրեցնելու համար: