image

Նախագահ Բակօ Սահակեան մասնակցած է Արցախի բերքի տօնին

Նախագահ Բակօ Սահակեան մասնակցած է Արցախի բերքի տօնին

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան 9 Հոկտեմբերին այցելած է Ստեփանակերտ քաղաքի մէջ Գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան առիթով կազմակերպուած տօնավաճառ: Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ Բերքի տօնը հանրապետութեան մէջ արդէն իսկ դարձած է աւանդական` ընդգծելով, որ բարի աւանդոյթները անհրաժեշտ է պահպանել ու շարունակաբար զարգացնել:

Տօնին մասնակցած են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք: