image
Հրատապ լուրեր:

ԱԺ հերթական նստաշրջանը սկսած է երգչախումբի կողմէ ՀՀ օրհներգի կատարմամբ եւ Մհեր Սահակեանի յիշատակը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելով

ԱԺ հերթական նստաշրջանը սկսած է երգչախումբի կողմէ ՀՀ օրհներգի կատարմամբ եւ Մհեր Սահակեանի յիշատակը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելով

Ազգային Ժողովէն ներս մեկնարկած է 8-րդ գումարման 9-րդ նստաշրջանը:

Նստաշրջանը սկսած է երգչախումբի կողմէ ՀՀ օրհներգի կատարմամբ:

Երգչախումբը կատարած է ՀՀ օրհներգի նոր՝ փոխուած տարբերակը:

Յիշեցնենք, որ փոփոխութեան առաջարկի հեղինակներէն է Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը:

Երգչախումբը տեղաւորուած էր դահլիճի այն հատուածին մէջ, ուր սովորաբար կը նստին Փաշինեանն ու կառավարութեան անդամները:

Այնուհետեւ Ալեն Սիմոնեանն առաջարկած է մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել վթարէն զոհուած պատգամաւոր Մհեր Սահակեանի յիշատակը:

«Տարին սկսուեց վատ լուրով, մեր գործընկեր Մհեր Սահակեանի հետ ավտովթար տեղի ունեցաւ, առաջարկում եմ մէկ րոպէ լռութեամբ յարգել մեր գործընկերոջ յիշատակը»,-ըսած է ան: