image

Փողերու լուացման գործով քրէական հետապնդում յարուցուած է Արման Սահակեանի նկատմամբ

Փողերու լուացման գործով քրէական հետապնդում յարուցուած է Արման Սահակեանի նկատմամբ

Հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է ՀՀ կառավարութեան առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետի պաշտօնը զբաղցուցած Արման Սահակեանի նկատմամբ. այդ մասին յայտնած են Քննչական կոմիտէէն, աւելցնելով, որ Արման Սահակեանի նկատմամբ կիրառուած է վարչական հսկողութիւն: ՔԿ-էն յայտնած են, որ բացի Սահակեանէն, քրէական գործ յարուցուած է եւս տասներկու անձի նկատմամբ։

«ՀՀ քննչական կոմիտէի ՀԿԳ քննութեան գլխաւոր վարչութիւնում իրականացուող քրէական վարոյթով կատարուած մեծածաւալ ապացուցողական եւ վարութային գործողութիւնների արդիւնքում հաւաքուած ապացոյցների հիման վրայ պաշտօնատար անձանց կողմից իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները չարաշահելու, նոյն լիազօրութիւններն օգտագործելով առանձնապէս խոշոր չափերով փողերի լուացում կատարելու, պաշտօնատար անձանց օժանդակելու յատկանիշներով հանրային քրէական հետապնդում է յարուցուել տասներեք անձի նկատմամբ, այդ թւում՝ 2011-2018 թթ. ՀՀ կառավարութեանն առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետի պաշտօնը զբաղեցրած Արման Սահակեանի նկատմամբ», – նշուած է Քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ։ Կոմիտէէն աւելցուցած են, որ քրէական վարոյթով նախաքննութիւնը կը շարունակուի, հանդէս պիտի գան լրացուցիչ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ։

Հաղորդուած է, որ վերոնշեալ անձինք 2012-2015 թթ. Երեւան քաղաքի երեք ուսումնական հաստատութիւններու տարածքներու վերաճշդման պատրուակով ապօրինի կերպով առանձնացուցած են հողատարածքներ, որոնց յանցաւոր ծագումը, իրաւունքները եւ պատկանելիութիւնը թաքցնելու նպատակով նշուած անշարժ գոյքերը ձեւական աճուրդներու միջոցով օտարած են իրենց հետ փոխկապակցուած անձանց:

Արման Սահակեանն ու եւս եօթ անձ քննիչի որոշման հիման վրայ ձերբակալուած են, անոնց կալանաւորելու վերաբերեալ միջնորդութիւններ ներկայացուած են դատարան. մեղադրեալներու նկատմամբ կիրառուած են տարբեր խափանման միջոցներ: Արման Սահակեանի նկատմամբ կիրառուած է վարչական հսկողութիւն:

Արման Սահակեանը Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան անդամ է, ԱԺ նախկին նախագահ Գալուստ Սահակեանի որդին։