Օրերս, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի մասնակցութեամբ նշուած է Մուսա լերան քառասնօրեայ ապստամբութեան յիշատակը, որ ամէնամեայ դրութեամբ կ՛արծարծուի Ս. Խաչի տօնին առիթով՝ աւանդական հերիսայով եւ ազգային-ժողովրդական տօնախմբութեամբ:
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`
Շաբաթ, 14 Սեպտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի եւ հոգեւոր հովիւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեանի՝ ներկայ եղաւ Մուսա լերան քառասնօրեայ ապստամբութեան յիշատակի գողտրիկ հանդիսութեան մը՝ ծագումով մուսալեռցի Տիգրան Պօղոսեանի տան շրջափակին մէջ, ուր գործադրուեցաւ հայկական մանկապատանեկան պարերով եւ երգերով ճոխ յայտագիր մը, որուն ընդմէջէն ներկաները վերապրեցան հայոց հերոսական մարտնչումի ոգին, որ ամէնամեայ դրութեամբ աշխարհի հայաշատ կեդրոններու մէջ կ՛արծարծուի Ս. Խաչի տօնին առիթով՝ աւանդական հերիսայով եւ ազգային-ժողովրդական տօնախմբութեամբ:
Սրբազան հայրը, իր կարգին, նախ օրհնեց հերիսան, ապա ողջունեց պատմական հերոսական ոգին մուսալեռցիներուն, որոնք 1915ի ամրան, հայութեան համար 20րդ դարու ամէնէն դժնդակ մէկ պահուն ծառացան Օսմանեան կայսրութեան բանակներուն դէմ եւ հայօրէն ապրելու իրենց կամքը պարտադրեցին թշնամիին՝ յանձնուիլ-ջարդուելու փոխարէն նախընտրելով կռուիլ յանուն ազատութեան:
Մանրամասնութիւններ փոխանցելով այս մասին՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը ըսաւ, որ Մուսա լեռ ապաստանած գիւղացիները եւ ապստամբական խումբը 40 օրերու մահու կենաց պայքարէ ետք խաղաղ ափ տարուեցան ֆրանսական փրկարար նաւով, շնորհիւ իրենց հաստատամտութեան եւ հայկական առիւծասիրտ կամքին, ապա ան կոչ ուղղեց՝ հայ նոր սերունդներու կեանքին մէջ եւս արծարծ պահելու հայ կտրիճ գիւղացիին ոգին, մուսալեռցիներու հաւաքական հերոսութեան արդար օրինակը ամէն տարի յիշատակելով:
Հուսկ, առաջնորդը գնահատեց ձեռնարկը հիւրընկալող Պօղոսեան ընտանիքը, կազմակերպիչները եւ մասնակցողները, ապա բոլորին ուղղեց քաջալերական խօսքեր եւ փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնները: