ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Քահանայից համախմբում, մասնակցութեամբ Գալիֆորնիոյ նահանգի Արեւմտեան Թեմի ծուխերու քահանաներու եւ Հոգեւոր հովիւներու:
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ՝ հաղորդագրութիւնը։
Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Քահանայից համախմբում, որուն ներկայ եղան Գալիֆորնիոյ նահանգի Արեւմտեան Թեմի ծուխերու քահանաներն ու Հոգեւոր հովիւները: Մինչեւ յետմիջօրէ, հոգեւոր ժողովականները համապատասխան օրակարգով համախումբ քննարկում ու գնահատական կատարեցին՝ իրենց շրջաններուն մէջ հոգեւոր, ազգային, կազմակերպական եւ յարաբերական մարզերու աշխուժացման ի նպաստ:
Համախմբումի բացման աղօթքն ու ողջոյնի խօսքը կատարելէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդէս եկաւ խորհրդածութիւններով, յատուկ կերպով մատնանշելով եկեղեցւոյ հովիւներուն ու քահանաներուն կարեւորութիւնը համայնքի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի զանազան բնագաւառներէ ներս, ինչպէս նաեւ՝ ծուխերու Հոգեւոր հայրերու եւ իրենց հօտի զաւակներուն միջեւ յարաբերութեանց ծիրի ընդլայնման, կապերու սերտացման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ժողովուրդը աւելի լայն մասնակցութիւն բերէ իր շրջանի եկեղեցւոյ եւ համայնքային կեանքին:
Ընթանալով համապատասխան օրակարգով, ժողովը յետ սերտողութեան նաեւ քննարկեց Հոգեւորականաց «Ուղեցոյց»ը եւ որոշ նորութիւններու լոյսին տակ որդեգրեց կիրարկման նոր ձեւեր, ապա քննարկման առարկայ դարձուց ծխական շրջաններու ընդհանուր պատկերացման հարցախոյզը եւ անդրադարձ կատարեց հովուական մարզը շահագրգռող հարցերու, ինչպէս նաեւ հոգեւոր կեանքի մէջ ծառ եկած մարտահրաւէրներու: Այս բաժինը իր լրումին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եզրափակիչ խօսքով եւ փակման աղօթքով:
Համախմբումի աւարտէն ետք, Գեղամ Արքեպիսկոպոս տեսակցութիւններ ունեցաւ քահանաներուն հետ առանձին-առանձին եւ իւրաքանչիւրին փոխանցեց իր հայրական յորդորները, օրհնութիւններն ու բարի մաղթանքները: