Նոյն առումով ալ գիւղի քաղաքապետ ընտրուած է Տիար Սեդրակ Հաւաթեանը, որ փոխարինած է վերջին տարիներուն Այնճարի քաղաքապետի պաշտօնը կատարած Տիար Վարդգէս Խօշեանը։Աւարտին նշենք, որ Տիկն. Նաթալի Քէնտիրճեան- Տէր Ստեփանեան կը գործէ նաեւ կրթական ոլորտին մէջ մաս կազմելով Այնճարի Հայ Աւետ. Վարժարանին ու անցնող տարիներուն ալ ան ձեռնհասօրէն կը վարէ՝ Anjar Art Gallery-ի պատասխանատուի պաշտօն։
ն նաեւ վերջերս միացած է «Արեւելք»ի խմբագրական կազմին։
Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր հայրենակցուհիին։
Լիբանանէն վերահասու դարձանք, որ Այնճար հայկական աւանի մեր աշխատակիցներէն՝ Նաթալի Քէնտիրճեան-Տէր Ստեփանեան ընտրուած է օրերս գիւղին մէջ կազմաւորուած նոր Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ։ Նշենք, որ ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած ցուցակը ամբողջութեամբ յաղթանակած ու հետեւաբար ընտրուած համարուեցաւ, որովհետեւ ոչ մէկ մրցակից ունէր։
Ու ըստ կանոնի մրցակից չունենալուն պատճառով աւելի վաղը Քաղաքապետարանի կազմը պետութեան կողմէ յայտարարուած էր յաղթող։
Յիշեցնենք, որ երկար տարիներէ ի վեր Այնճարի մէջ ձեւաւորուած է աւանդոյթ մը, որ գիւղին մէջ գործող միակ հայկական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած ցուցակները առանց դժուարութեան կը հանդիսանան յաղթողներ։