Յառաջիկային Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու նախօրեակին Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն հրաւիրեց Այնճարի թաղապետները ողջունելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց տարած աշխատանքին համար։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Մուսա լեռ-Այնճար» դիմատետրեան էջէն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք լրատւութիւնը՝
Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու ծիրէն ներս, Կիրակի, 27 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի հրաւէրին ընդառաջեցին Այնճարի Խտրպէկ, Պիթիաս, Եօղուն Օլուգ, Վագըֆ եւ Գապուսիա գիւղերուն գիւղապետերը:
«Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի «Զաւէն Թաշճեան» ժողովասրահին մէջ կոմիտէն ողջունեց գիւղապետերը եւ անցնող ինը տարիներու իրենց տարած գործունէութեան աւարտին՝ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց:
Գիւղապետերը իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնեցին կոմիտէին եւ իրենց գործունէութենէն բխած կարգ մը առաջարկներ կատարեցին յառաջիկայ գործունէութեան վերաբերեալ: