image

Մոսկուան պիտի շարունակէ ճիգեր գործադրել Հայ-ատրպէյճանեան խնդիրներու կարգաւորման համար. Փեսքով

Մոսկուան պիտի շարունակէ ճիգեր գործադրել  Հայ-ատրպէյճանեան խնդիրներու կարգաւորման համար. Փեսքով

Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով մեկնաբանած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ ինչ պայմաններու պարագային Երեւան կրնայ դուրս ելլել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ), գրած է ՌԻԱ Նովոսթին։

«Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի վարչապետի յայտարարութեան, մենք կը շարունակենք երկխօսութիւնը մեր հայ ընկերներուն հետ, կը խօսինք անոնց հետ ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան մէջ մեր հետագայ համատեղ մասնակցութեան թեմայով»,- ըսած է ան։

Անոր խօսքով, ընդհանուր առմամբ, ՀԱՊԿ կազմակերպութիւն  է, որ անդամ երկիրներու շրջանին մէջ ունի իր հեղինակութիւնը,  որ նախապէս ցուցադրած է իր արդիւնաւէտութիւնը տարբեր իրավիճակներու մէջ։ Ան նաեւ  կառոյցն անուանած է կազմակերպութիւն, որ ունի հետագայ զարգացման լուրջ ներուժ։