Միջին Արեւելքի մէջ շարունակուող լարուածութիւններուն եւ անորոշութիւններուն մէջ, խաղաղութեան կոչերը կը ստանան առանձնայատուկ նշանակութիւն՝ մանաւանդ երբ անոնք կու գան տարբեր եկեղեցական համայնքներու միասնութենէն։ Այս շրջագիծին մէջ, Ծոցի եկեղեցիներու խորհուրդի նախաձեռնութեամբ Տուպայի մէջ կազմակերպուած միջեկեղեցական աղօթքի երեկոն կը դառնայ ոչ միայն հոգեւոր, այլ նաեւ խորհրդանշական պատգամ մը՝ ուղղուած ամբողջ տարածաշրջանին։ Նման նախաձեռնութիւնները կը յիշեցնեն, որ հակառակ քաղաքական բարդութիւններուն, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ձգտումը կը մնայ միասնական արժէք մը, որ կրնայ կամուրջներ ստեղծել տարբեր ժողովուրդներու եւ հաւատքներու միջեւ։
Նշենք, որ աղօթքի հոգեպարար արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ Շրջակայից երկիրներու թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը ՝
Կազմակերպութեամբ Ծոցի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան, Չորեքշաբթի 29 Ապրիլ 2026-ին երեկոյեան, Տուպայի Ս. Մարիամ Կաթողիկէ եկեղեցիէն ներս, տեղի ունեցաւ Միջ Եկեղեցական խաղաղութեան աղօթքի երեկոյ, մասնակցութեամբ տեղական եկեղեցiներու հոգեւոր առաջնորդներու եւ ներկայացուցիչներու: Արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. ՏԷր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանը եւ հայերէն լեզուով աղօթք բարձրացուց Միջին Արեւելքի տարածաշրջանի երկիրներու խաղաղութեան համար:





