image

Մտածումներ` Պատերազմի, Խաղաղութեան եւ Յեղափոխութեան Մասին

Մտածումներ` Պատերազմի, Խաղաղութեան եւ Յեղափոխութեան Մասին

«Սուրի ու զոհի կը դառնան աւար
Լոյսի պէս պայծառ մանուկներ սիրուն
Եւ ոտքի կոխան` հասկեր անհամար,
Աշխատաւորի քրտինքով օծուն»

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

Շատեր, որոնք ծնած են վերջին տասնամեակներուն, ապրեցան այդ ժամանակաշրջանին մեր ազգին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, անոնք ազգային մակարդակի վրայ ականատես եղան թէ՛ յաջողութիւններու եւ թէ՛ ալ ձախողութիւններու, իսկ վերջին երկու տարիներուն` Արցախի վրայ Ազրպէյճանի նախայարձակումին, հայկական կողմին կրած պարտութեան եւ այդ պարտութեան ընկերային-տնտեսական ծանր հետեւանքներուն (դեռ չխօսինք նաեւ կովկասեան շրջանի աշխարհաքաղաքական այլ զարգացումներուն եւ թրքական գործօնի ընդլայնումին մասին):

Հարց տանք մենք մեզի ազգովին, թէ արդեօք հայ ազգը նմանօրինակ մարտահրաւէրներու չէ՞ հանդիպած իր պատմութեան ընթացքին, արդեօք կովկասեան շրջանը աւելի ռազմապաշտ ու ամբողջատիրական-կայսերապաշտ գերուժերու մրցակցային կռուախնձորի կացութեան մէջ չէ՞ եղած, արդեօք հայ ազգի հոգեվիճակը աւելի ընկճուած եւ վհատուած չէ՞ եղած (նկատի առնելով` Ցեղասպանութիւնը, տեղահանութիւնը պապենական-հայրենի հողերէն եւ այլն…), արդեօք այլ մահացու համաճարակի չէ՞ր հանդիպած («Սպանական կրիփ»` մարդկութեան պատմութեան մէջ կրիփի մեծագոյն համաճարակը, որ սկսած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի վերջին շրջանին` 1918-ի գարնան):

Այս տարի մայիս 1-ը` իբրեւ Աշխատաւորներու միջազգային օր, կը զուգադիպի ռուսական Փետրուարեան յեղափոխութեան 105-ամեակին, որ նոյնինքն աշխատաւոր դասակարգի պոռթկումն էր եւ իրականացումը` ընկերայնօրէն ու տնտեսականօրէն աւելի արդար պայմաններով զարգացման եւ գոյատեւման, ինչպէս նաեւ` քաղաքականօրէն ռազմապաշտ ու ամբողջատիրական-կայսերապաշտ համակարգերու տապալումին եւ անոնց փոխարէն` ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ ժողովրդավարական ու հանրապետական կարգերով ազգային-պետութիւններու (իբրեւ անկախ քաղաքական գոյացութիւններ) ստեղծման (ներառեալ` Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը):

Հետեւաբար այս տարի մայիս 1-ը (Աշխատաւորներու միջազգային օր) յարմար առիթ կ՛ընծայէ արծարծելու աշխատաւորական շարժման եւ քաղաքական գետնի վրայ զայն առաջնորդող ընկերվարական շարժման (հայութեան պարագային` ՀՅ Դաշնակցութեան) ընկերային ու քաղաքական գլխաւոր նուաճումներէն Փետրուարեան յեղափոխութիւնը եւ յետյեղափոխական ժամանակաշրջանը, որուն ընթացքին, ցարական կայսրութեան տապալումէն ետք, ստեղծուեցան արդի ազգ-պետութիւններու արմատներն ու հիմքերը: Ասիկա առիթ է նաեւ այս բոլորը դնելու ժամանակակից հայկական քաղաքական միտքի եւ կովկասեան շրջանի աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն պարունակին մէջ:

Կովկասի մէջ 2020-ին, արցախեան 44-օրեայ պատերազմին հաստատուած դրութենէն ետք, զէնքերու վաճառքն ու սպառազինութեան մրցավազքը, մեծ պետութիւններու աշխարհաքաղաքական  շահագրգռութիւնները, ռազմապաշտ դրութեան ստեղծումը եւ ծաւալապաշտական ախորժակները աղէտալի երեւոյթներ էին ու կը մնան ինչպէս ամբողջ Կովկասի, նոյնպէս ալ ամբողջ Հայաստանի աշխատաւոր եւ գիւղացի զանգուածներուն վրայ:

Հայաստանը իր ներկայ` դէպի ծով ելք չունեցող, շրջափակուած, 29.743 քառ. քմ տարածքով ու  բնական համեստ պաշարներով կը կրէ կովկասեան շրջանի վերոյիշեալ մարտահրաւէրներուն ամէնէն ահռելի հետեւանքները:

Վերը յիշուած թէ՛ զէնքերու վաճառքն ու սպառազինութեան մրցավազքը, մեծ պետութիւններու աշխարհաքաղաքական  շահագրգռութիւնները, ռազմապաշտ դրութեան ստեղծումն ու ծաւալապաշտական ախորժակները եւ թէ՛ ալ Հայաստանի դէպի ծով ելք չունեցող, շրջափակուած, 29.743 քառ. քմ տարածքով ու բնական համեստ պաշարները նկատի առնելով` գերմանական «Սթաթիսթա» շուկայի եւ սպառողի տուեալներու ընկերութիւնը հրապարակեց ուսումնասիրութիւն մը, որուն հիման վրայ երկու տարուան մէջ, 2020-ի նախապատերազմեան ժամանակաշրջանէն, սղաճը բարձրացած էր 1,23 առ հարիւրէն մինչեւ 5,78 առ հարիւրի (2022), եւ եթէ այսպէս շարունակուի ընթացքը, այս ցուցանիշը 2026-ին կրնայ նուազիլ 4,02 առ հարիւրի, բայց ոչ թէ` նախապատերազմեան 1,23 առ հարիւրի համեմատութեան: Նոյն շուկայի եւ սպառողի տուեալներու յիշեալ «Սթաթիսթա» ընկերութեան այլ ուսումնասիրութեամբ մը մէջտեղ եկաւ հայաստանեան դրամին աստիճանական արժեզրկումը տոլարին դիմաց: Օրինակ, 1 ապրիլ 2020-ին ամերիկեան մէկ տոլարը կ՛արժէր 500 դրամ, իսկ 17 մարտ 2022-ին` 485 դրամ:

Ո՞վ կը կրէ 2020-ի պատերազմին ընկերային-տնտեսական ծանր բեռը, վստահաբար` աշխատաւոր դասակարգը:

Հայ աշխատաւոր դասակարգը կարիք չունի կառավարութիւններու եւ զանազան կազմակերպութիւններու դիւանակալական յայտարարութիւններուն կամ զանազան ձեռնարկներու ընթացքին զգացումներու հիման վրայ արտայայտուած հռետորաբանութեան:

Այսօր հայ աշխատաւորութիւնը կարիք ունի համերաշխութեան: Կարիք ունի համերաշխութեան եւ անոր ընկերային-տնտեսական յուզումներու ձայնը լսելու, անոր մէջ ընկերային-դասակարգային գիտակցութեան արթնացման, աշխատավայրերու մէջ կազմակերպման եւ պետական մարմիններու մէջ քաղաքական ներկայութեան:

Այս տարի մայիս 1-ին կ՛արժէ կատարել հետեւեալ հարցադրումները.

Արդեօք ներկայիս որեւէ փորձ կատարուա՞ծ է հայ մտաւորականութեան կողմէ ուսումնասիրելու համար հայկական շրջաններու մէջ աշխատաւոր եւ գիւղացի դասակարգերու ընկերային-տնտեսական կեանքն ու կարգավիճակը` Ռուսիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան իշխանութեան ժամանակաշրջանին (գոյատեւած է 1917-ի մարտի 2(15)-էն մինչեւ հոկտեմբերի 25 (նոյեմբերի 7)-ը):

Արդեօք ներկայիս հայկական ընկերութեան մէջ որեւէ փորձ կատարուա՞ծ է բաժնելու Փետրուարեան յեղափոխութիւնը Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն, թէ՞ երկուքն ալ կը դիտուին միայն մէկ դիտանկիւնէ` իբրեւ 1917-ի յեղափոխութիւն (որ դժբախտաբար զուտ պաղպատերազմեան ենթակայական դիտանկիւն է), որ կը սահմանափակուի միայն պոլշեւիկեան կուսակցութեան իշխանութեան տիրացումով: Կա՞յ որեւէ ուսումնասիրութիւն, որ կը վերլուծէ զոյգ յեղափոխութիւններուն ժամանակ ընկերային-տնտեսական ու քաղաքական կեանքը, մանաւանդ` Ռուսիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան ժամանակաշրջանէն մինչեւ Խորհրդային Միութեան հաստատումը, գիւղացիական համագործակցութիւններու, կնոջական իրաւունքներու հետապնդման, աշխատանքային շուկային մէջ արհեստակցական միութիւններու գործունէութեան թէ աշխատաւորական իրաւունքներու կացութեան բնագաւառներուն մէջ:

Նկատի առնելով, որ Փետրուարեան յեղափոխութեան, ապա Ռուսիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան ժամանակաշրջաններուն գլխաւոր քաղաքական ուժերն էին սոցիալիստ-յեղափոխականներն (նարոդնիկական) ու Ռուսիոյ ընկերվար-ժողովրդավարական բանուորական կուսակցութեան մենշեւիկեան թեւը, իսկ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան ժամանակաշրջանին` Ռուսիոյ ընկերվար-ժողովրդավար բանուորական կուսակցութեան պոլշեւիկեան թեւը (հետագային` Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութիւն), արդեօք հայութեան մէջ քննարկուա՞ծ են յիշեալ քաղաքական կուսակցութիւններուն գաղափարաբանական հիմքերն ու ակունքները, ինչպէս նաեւ` 1917-ի զոյգ յեղափոխութիւններուն առարկայական եւ ենթակայական պայմանները:

Նկատի առնելով, որ Կովկասեան կոմիսարիատը եւ Անդրկովկասեան ժողովրդավար դաշնակցային հանրապետութիւնը կը բաղկանային գլխաւորաբար երեք ազգերէ (հայ, վրացի եւ թաթար), իսկ կովկասեան գրեթէ բոլոր քաղաքները բազմամշակութային քաղաքներ էին, անկախ զգացական մօտեցումներէն, գիտական-մարդաբանական կամ այլազան ուսումնասիրութիւններ կատարուա՞ծ են գիտնալու համար, թէ ինչպէ՛ս էին երեք ազգերուն միջեւ փոխյարաբերութիւնները եւ վերոյիշեալ երկու մարմիններուն (Կովկասեան կոմիսարիատ եւ Անդրկովկասեան ժողովրդավար դաշնակցային հանրապետութիւն) լուծարումէն ետք ձեւաւորուած երեք հանրապետութիւններու (Հայաստան, Վրաստան եւ Ազրպէյճան) դիւանագիտական յարաբերութիւնները մինչեւ խորհրդայնացման ժամանակաշրջանը ինչպէ՞ս ընթացած են: Նաեւ նկատի ունենալով, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դրացին Թուրքիան էր, ինչպէ՞ս էին այդ յարաբերութիւնները Հայաստանի  եւ համաշխարհային պատերազմէն ետք օսմանեան պետութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ քեմալական Թուրքիոյ միջեւ:

Վերոյիշեալ հարցումներուն պատասխանները կ՛օգնեն թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ալ գալիք սերունդներուն` Հայաստանի թէ սփիւռքեան զանազան օճախներուն մէջ, լաւապէս ճանչնալու պատմութիւնը (առարկայականօրէն եւ հեռու զգացականութենէ), գիտնալու համար, թէ 1917-ի յեղափոխական եւ անցումային ժամանակաշրջաններուն ի՞նչ միջոցներ որդեգրուեցան օգտակար դառնալու համար մեր այսօրուան ճգնաժամային ժամանակաշրջանի հարցերու լուծումներու ուսումնասիրութեան, ի՞նչ էր պոլշեւիկներուն առաւելութիւնը, եւ որո՞նք էին միւս կուսակցութիւններուն բացթողումները, եւ կապելով այս բոլորը մեր ժամանակակից քաղաքական զարգացումներուն հետ ուրուագծելու համար, թէ ի՞նչ էին Հայաստանի մէջ կատարուած այսպէս կոչուած «թաւշեայ յեղափոխութեան» ընկերային-տնտեսական պատճառները, նաեւ` Քաղաքացիական պայմանագիրին վայելած ժողովրդականութեան պատճառները:

Տարիներու ընթացքին յիշեալ հարցումներու պատասխաններուն ձգձգումը եւ երէց ու պահպանողական տարրերու կողմէն զանոնք անտեսելն ու առաջնահերթային հարցեր չնկատելը մեծ բաժին ունին մեր ազգի ներկայ ճգնաժամին մէջ:

Այսօր, 2022-ին, աշխարհը կը դիմագրաւէ պատերազմներ, կլիմայական փոփոխութիւն ու համաճարակ, եւ ասոնց պատճառով կ՛արձանագրուին` անգործութիւն, արտաքին պարտքի կուտակում, առաջին անհրաժեշտութեան նիւթերու (ցորեն, ալիւր, արեւածաղիկի ձէթ եւ վառելանիւթ) տագնապ եւ սղաճ, ու առաւել եւս, մեր ապրած շրջանը կը դառնայ զէնքերու վաճառքի ու սպառազինութեան մրցավազքի կեդրոն, իսկ անկէ ոչ հեռու շրջաններ կը գտնուին հիւլէական պատերազմի վտանգի առջեւ, ինչ որ իր կարգին կը խաթարէ հայ ազգի հազարամեակներու գոյութիւնը իր հայրենի հողերուն վրայ:

Հայ աշխատաւոր դասակարգը այսօր կարիքը ունի «աշխատանքի, դատի պաշտպան» ՀՅ Դաշնակցութեան, որ իբրեւ պատմական փորձառութիւն կուտակած կուսակցութիւն` հայութեան դիմագրաւած ամէնէն ճակատագրական ու ճգնաժամային ժամանակաշրջաններուն ընթացքին, եւ աւելի՛ն, իբրեւ հայ աշխատաւոր դասակարգի քաղաքական ներկայացուցիչ Կովկասեան կոմիսարիատին եւ Անդրկովկասեան ժողովրդավար դաշնակցային հանրապետութեան մարմիններուն ու տեղական խորհուրդներուն մէջ ունի կենսափորձը նմանօրինակ ժամանակաշրջաններու ընթացքին ղեկավարելու գիւղացիական համագործակցականները, իսկ քաղաքներուն մէջ` արհեստակցական միութիւնները:

Հեռու թէ՛ խաղաղապաշտ ու թէ՛ ալ ռազմապաշտ հռետորաբանութիւններէն եւ ցնորական երեւակայութիւններէն, այսօր Հայաստանը կարիք ունի «աշխատանքի, դատի պաշտպան»-ին ու անոր իրապաշտ մօտեցման որդեգրման (որ նկատի կ՛առնէ շրջանային ուժերը, կովկասեան պետութիւններու տարածքներն ու ազգաբնակչութիւնները եւ ռազմական կարողականութիւնները)` միջազգային յարաբերութեանց մէջ: «Աշխատանքի, դատի պաշտպան»-ը, որ կը ձգտի արդար խաղաղութեան հաստատման, որ հիմք կ՛ունենայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութեան երաշխաւորութիւնը, որ կ՛ենթադրէ հրաժարում Հայաստանի տարածքներէն ներս թշնամիներու կողմէ ռազմական ներխուժումներէն ու թշնամի պետութիւններու ղեկավարներու հանրային ելոյթներու ընթացքին Հայաստանի ու հայութեան նկատմամբ թշնամութեան սերմանումէն:

Եկած է ժամանակը, որ քննենք պատմութիւնը առարկայականօրէն, այնպէս ինչպէս որ է, մէկդի դնելով զգացական արտայայտութիւնները: Ի վերջոյ, ճանչնալ պատմութիւնը` չի նշանակեր միայն հպարտանալ պատմութեան փառքերով, այլեւ` ուսումնասիրել ու  վերլուծել զայն:

Արդար աշխատանք եւ արդար խաղաղութիւն: Ա՛յս պէտք է դառնայ ուխտը հայութեան, եւ ոչ թէ` պոռոտախօսութիւնն ու հռետորաբանութիւնը:

 

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն

Նաթան Պետրոսեան.

Նաթան Պետրոսեան.

Նաթան Պետրոսեան. Ծնած եմ Պաղտատ, Իրաք`24.8.19...