Իրանը կը պատրաստուի նոր հարուած հասցնելու Իսրայէլին. այս մասին յայտարարած է Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ընդհանուր հրամանատարի տեղակալ Ալի Ֆատավին, գրած է Al Arabiya-ն։
Անոր խօսքով՝ այս յարձակումը պիտի ըլլայ նախորդ գործողութիւններու շարունակութիւնը եւ պիտի կոչուի «Ազնիւ խոստում 3»։ Ան չէ հրապարակած ծրագրուած գործողութեան մանրամասնութիւնները եւ միայն յայտարարած է, որ այդ պիտի ըլլայ «պատասխան Իսրայէլի գործողութիւններուն»։
Իրանի եւ Իսրայելի միջեւ լարուածութիւնն աճած է այն բանէ ետք, երբ Իրանը հոկտեմբեր 1-ին շուրջ 200 հրթիռ արձակած է Իսրայէլի ուղղութեամբ: Ատոր ի պատասխան հոկտեմբեր 26-ին Իսրայէլն օդային հարուածներ հասցուցած է իրանեան ռազմական կառոյցներուն։ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի խօսքով՝ հարուածները նպատակ ունեցած են նուազեցնել Իրանի պաշտպանական հնարաւորութիւնները եւ խաթարել հրթիռներու արտադրութեան կարողութիւնները: Իրանն իր հերթին յայտարարած է, որ յարձակման հետեւանքով զոհուած է չորս զինուորական, վնասուած են քանի մը ռատիոտեղորոշիչ համակարգեր, ինչպէս նաեւ զոհուած է մէկ քաղաքացիական անձ։ Իրանի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէին խոստացած է, որ Թեհրանը եւ անոր դաշնակիցները ուժգին պատասխան պիտի տան Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի յարձակման: