Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ցամաքային զօրքերու հրամանատար, զորավար Սարտար Մոհամմատ Փաքպուրն այցելած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանակից շրջաններուն մէջ իրանեան ստորաբաժանումներու տեղակայման վայրեր: Տեղեկութիւնը յայտնած են իրանաեան լրատուամիջոցները։
Նշուած է, որ զօրավարը շփուած է զինծառայողներու հետ, գնահատած անոնց մարտական պատրաստութեան մակարդակը, զգօնութիւնն ու բարոյահոգեբանական վիճակը:
Փաքփուրը ներկայ եղած է նաեւ ցերեկային եւ գիշերային ժամերուն կայացած մարտավարական փորձերուն։
«Անվտանգութեան հարցը կապ չունի ցուրտի, շոգի, տօներու ու աշխատանքային օրերու հետ։ Մենք պէտք է հնարաւորինս զգօն եւ պատրաստուած ըլլանք։ Միշտ ուշադիր եղէք այս առումով»,- ըսած է հրամանատարը՝ դիմելով զօրքին։