Անիծեալ 2024ին դէմ, Յուսադրելի 2025ին Ընդառաջ
2024ը նշանաւորուեցաւ իր գահավիժային իրադարձութիւններով, փոթորկայոյզ ալեկոծումներով, վայրենաբարոյ գործողութիւններով, մագլցողական տեղաշարժերով, մահասփիւռ արիւնահեղութիւններով, ճակատային սանձարձակութիւններով, որոնք բոլորն ալ կը գուժէին ու կը պարզէին ահաւոր տեսարաններ, փշաքաղիչ պատկերներ եւ աննախընթաց ուրուագիծեր։
Քիչ մը ամէն տեղ բռնկող լաւաներ կային ու կը տարածուէին բազմաթիւ ոլորտներէ ներս, դժոխային հետքեր ձգելով, անմարդկային արարքներ սփռելով, հրէշային աղէտներ ցանելով եւ առ հասարակ բնականոնութիւնը ու բնակեցութիւնը վերածելով գարշելիութեան ու խորշելիութեան որջերու։
Ուրիշ ի՞նչ լեզուով կարելի է բացատրել տիրող խառնիճաղանչը, ինչպէ՞ս բնութագրել քաոսը եւ, վերջապէս, ո՞ւր զետեղել այդ այլանդակութիւնները, եթէ ոչ զանոնք դիտել ու խորաչափել, միայն ու միայն ամենէն յոռետեսական եւ յոռիական կողմնացոյցներով։
Տակնուվրայութիւնը, անհանդարտութիւնը, խառնաշփոթութիւնը, խուժանութիւնը, ամբոխավարութիւնը եւ անկարգութիւնը, որոնք ամէն ուղղութեամբ կ’ընթանային, կը գործէին, իրենց չարագործութիւններով, աւերուածութիւններով եւ յափշտակութիւններով, միշտ ալ դարձան այն ԱՆՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ տարրերը եւ գործօնները, որոնք զգետնեցին ամէն տեսակի առաքինութիւն, սրբութիւն, վեհանձնութիւն եւ արժանապատուութիւն, չխնայելով ոչինչ, միշտ «նախապատուութիւն»ը տալով խնդրոյ առարկայ կողմեուն լափող շահերուն եւ իրաւունքներուն, նեղ եսերուն եւ գծուծ հաշիւներուն։
Կ’արժէ յիշատակել եւ անուանել, որ ոչ մէկ կողմ (պետութիւն թէ երկիր), յանդգնութիւնը ունեցաւ զգաստանալու ու սթափելու, թէ այս աշխարհը ու մարդկութիւնը ո՞ւր կը տանին եւ ինչո՞ւ այս ահաւոր վիճակին մատնած են զանոնք, մինչ՝ այդ բոլորը նկատուած են, մերթ գազաններ, մերթ ալ գիշատիչներ եւ անխնայ կերպով, իւրաքանչիւրը իր «էշը քշելով»։
Չափազանցութի՞ւն են այս դիտարկումներն ու գրառումները, ո՛չ, քաւ լիցի, որովհետեւ իւրաքանչիւր գիտակից կամ բանիմաց, իրատես կամ պարկեշտ հատուած, պէտք է աչք ունենայ տեսնելու, ականջ՝ լսելու, զգացում՝ ապրելու, թէ վատագործ ու չարամիտ փերեզակներ, «ի՞նչ կը ծախեն եւ ի՞նչ կը գնեն», «որո՞ւ կ’ապաւինին եւ որոնցմէ՞ կը սնուին»։
Եթէ չկայ այս եւ նման տրամաբանութիւն, ուրեմն, խաւարամտութիւնը ու հաւկուրութիւնը, կարճատեսութիւնը եւ անձնակեդրոնութիւնը կը մնան ու կը դառնան այն լծակները, որոնք պիտի շարունակեն իրենց գռեհկաբանական քաղաքականութեամբ, ոչ միայն աւերներ գործել, այլեւ մարդկութիւն քարկոծել ու ճշմարտութիւն մրոտել։
***
Այս անխուսափելի մուտքէն, այլապէս ալ հրատապ հակիրճ անդրադարձէն ետք, երբ հայաշխարհը կը մնայ կիզակէտային առանցքին վրայ, ինքնին առաջնահերթ հարց է, որ նոր կարգավիճակները, հայութեան ի՞նչ «անակնկալ»ներ ու «գոյավիճակ»ներ կրնան… պարգեւել։
Անշուշտ, ներկայ դրութեամբ, մեր խօսքը կը վերաբերի յատկապէս այն շրջաններուն, ուր տեղւոյն հայութիւնը կ’ապրի «մոլոր-գոլոր», «ծուռ ու թեք» վիճակ մը, պահ մը զարմանալով ու մտահոգուելով, ուրիշ պահ մը՝ ապշելով ու խպնելով, թէ գալիք ժամանակները ի՞նչ կը բերեն կամ այս վերիվայրումները ինչի՞ կրնան յագնիլ։
Ասիկա իրաւունքն է իւրաքանչիւր տագնապողի ու ցաւատանջի, որովհետեւ այն ինչ որ տեղի կ’ունենայ չորսդին, կը ցուցադրուի որոշ հարթակներու վրայ եւ կամ կը խռովէ շատ-շատեր, որեւէ նոր շարժի մը պարագային, կրնայ ցնցումներ առաջացնել եւ որուն արդիւնքի լոյսին տակ, նոր անկումներու տեղի տալ կամ նոր պատուհասաբերներ պատճառել։
Անցնող ժամանակներու նման տխուր անցուդարձերու հետեւանքները տակաւին թարմ են եւ անոնց պատճառած վնասները՝ նոյնպէս, հետեւաբար, զգուշաւորութիւնը ու սրտատրոփութիւնը, կը մնան բոլորին համար, սպասողական հանգրուաններ, թէ նոր զարգացումները ի՞նչ բնոյթ կը ստանան եւ ի՞նչ ուղղութեան կը հետեւին եւ ո՞ւր կը հանգրուանին, որպէսզի ծայրայեղութիւնները մնան զսպելի, իսկ չափաւորականութիւնները՝ սահմանելի։
***
Այս հակոտնեայ ու խիստ ձգտուած եւ աքցանուած վիճակին քննարկումը ձգելով յետագյաին, այժմ նախընտրելի ու գործնական է կեդրոնանալ հայութեան այն հրամայականներուն վրայ, որոնք՝ իր այժմու եւ ապագայ գոյութեան գրաւականները ու կապակցութիւնները կրնան կազմել։
Այս առընչութեամբ, բացայայտ է, որ հայութիւնը, իր հայրենիքով թէ տարտղնեալ սփիւռքով, անվիճելիօրէն, կը գտնուի առնուազն անմխիթար կամ մասամբ վիրաւոր ընթացքի մը մէջ։
Այս իրողութիւնը, ինքզինք պարտադրող եւ արտայայտող ճշմարտութիւն մըն է, զոր կարելի չէ ուրանալ կամ անտեսել, որովհետեւ, ժամանակն է ընդունիլ այս անհերքելիութիւնը, իր «չորով ու թաց»ով, առանց թաքնուելու մատներու կամ պահուըտելու վարագոյրներու ետին։
Այլեւս ժամանակները անցած են չտեսնելու ու չշօշափելու նման «կենդանի ու շնչող» պատկերները, իրենց խորութեամբ ու հայելիութեամբ ու չբաժնել այն «ճեղք»երը, որոնք կը նշմարուին հայութեան բազմաշերտութեան ծիրերէն ներս։
***
Առ այդ, այն ինչ որ կը պատահի, հոս ու հոն, ուր կայք հաստատած են (կամ էին) հայեր, երկար ու մեծկակ թղթածրար մըն է, որուն վերլուծումը կամ վերնայումը, ուրիշ հարց է (իր համապատասխան մեկնաբանութիւններով), սակայն, բոլորս հետաքրքրողը ու խռովողը այն է, որ սփիւռքահայութիւնը ո՞ւր պիտի յայտնուի այդ յորձանուտներուն մէջ, այնքան ատեն որ անտիրութիւնը, անպաշտպանութիւնը եւ անհովանիութիւնը կը մնան, մեղմ ըսած, անբաւարար, տժգոյն կամ կրաւորական։
Ի՞նչ կը նշանակեն այս վերագրումները կամ ակնկարկութիւնները, եթէ ոչ ՄԵ՛ՆԾ բացի մը գոյութիւնը, որ կը սողոսկի սփիւռքահայութեան կեանքէն ներս, ի մասնաւորի այն հայագաղութներէն, ուր կան (եւ կրնան ըլլալ) սայթաքումներ ու սահանքներ, որոնց նկատմամբ պէտք է ըլլալ աչալուրջ, հետեւողական ու հաւասարակշռեալ։
Ընթացի եւ արագ հպում մը. գէթ Միջին Արեւելքի (երբեմնի հզօր) գաղութներուն վրայ, արդէն կը պարզուի, թէ անոնք ինչ հեղինակութիւն եւ առաջնորդութիւն կը ներկայացնէին, սակայն, այսօր, անոնց մեծ մասը, չէ այն ինչ որ էր հեռաւոր թէ մօտակայ անցեալին, իսկ այս փոփոխութիւնները, եթէ ժամանակներու ու շրջապատներու արդիւնք էին, արդեօք հայկական գաղութները, ինչ որ մնացած է կամ կրնայ մնալ, ինչպէ՞ս պիտի կարենայ դիմանալ ու դիմագրաւել ԾԱՆՐ ու ԳԱԼԻՔ «ցունամի»ները։
Ո՛չ մէկ կասկած, որ անոնցմէ կարեւոր ու հիմնական մաս մը, արդէն կորսնցուցած է իր երբեմնի կենսունակութիւնն ու ժրաջանութիւնը, ծանօթ եւ սովորական վերիվայրումներով, որոնք կը սկսին Իրաքի մէջ 2003 թուականէն սկսեալ, ապա, օրին, Սուրիոյ մէջ դաւադրուած ելեւէջներով, տակաւին չհաշուած, Լիբանանի 1975էն երկարող, շուրջ 17 տարուան բռնկումներով, որոնք, բոլորն ալ հայկական գաղութները թուլացուցին, այլեւ՝ նօսրացուցին, միակ չնչին տարբերութեամբ մը, որ Հալէպը ու Պէյրութը, մնացին կանգուն, թէկուզեւ քանակային եւ որակային նուազումներով, բայց, որոշապէս աննկուն դիմադրողականութեամբ ու գոյութենական վճռակամութեամբ։
Բայց, դժբախտաբար, շրջանը յուզող, կեղեքող ու մաշեցնող, կամայ թէ ակամայ խլրտումները, իրենց բազմազան տարբերակներով ու պառակտումներով, ինչպէս այլոց, նաեւ հայութեան կեանքը մթագնեցին եւ ապականեցին, ամէն անգամ որ, հոսկէ կամ հոնկէ ծագէր ապակայուն, այրող կամ աւերիչ մրրիկ մը, ֆիզիքական, տնտեսական ու հոգեբանական հարուածին տակ առնելով ու պահելով տեղւոյն հայութեան երկնակամարը։
Իսկ այդ բոլորը, պարտադրօրէն կը ստեղծէին, զանազան հակազդեցութիւններ, ատոնք ըլլան՝ անհատական թէ հաւաքական, ընտանեկան թէ շրջապատային, նոյնիսկ համայնքային թէ գաղութային, խոր ու ցաւալի արմատներ դրոշմելով հանրակեանքին եւ ընկերութեան վրայ։
Այդուհանդերձ, այն ինչ որ տարբեր պայմաններու եւ այլ կալուածներու մէջ տեղի կ’ունենան, իրենց այսօրուան հոլովոյթներով, բախումներով եւ առճակատումներով, արդեօք հայութեան այս հատուածներուն մօտ ի՞նչ կը զգացնեն եւ ի՞նչ կ’ենթադրեն։
Չմոռնա՛լ. հայութիւնը, որքան ալ թիրախաւորուած ու հարուածուած ըլլայ, որքան ալ՝ վիրաւորուած եւ առկախուած վիճակի մը մատնուած, անձնատուր կրնա՞յ դառնալ, հաւատացած ըլլալով որ հակառակ իր ցաւերուն ու ճնշումներուն, ան պիտի փորձէ մնալ պատնէշի այն պատուանդանին վրայ, ուրկէ պիտի կարենայ իր գոյութիւնը պահպանելու եւ իր դրօշը պարզելու համարձակութիւնը ունենալ, գիտակցօրէ՛ն ու վճռորոշօրէ՛ն։
Եթէ համոզում ու հաւատամք կայ, որ հայութիւնը, մանաւանդ նման պրկուած մթնոլորտի ու կացութեան մէջ գտնուողը, կը փորձէ իր գոյութեան եւ ինքնութեան երթուղին պահելու համար, պատրաստ ու պատրաստակամ ըլլայ իր եւ իր շրջապատին ապահովութեան ու կեցութեան տէր կանգնելու եւ իր գոյութեան անվտանգութեան կառչելու, իր ազգային բազմադրոշմ ու բազմագոյն արահետներուն թիկունք մնալով, յայնժամ, հոս կը կայանայ այն երթուղին, որ տուեալ հայութեան կու տայ հաւատքի ու կամքի հզօրութեան վէմեր ու կայմեր։
Անկասկած, հայութիւնը, հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքի ծայրագոյն մաս, կը դիմագրաւէ փշոտ ու հանգուցաւոր մարտահրաւէրներ, որոնք տեղ մը, եթէ բուռն ու թափանցիկ են, ուրիշ տեղ մը, մեղմ ու տատամսոտ, ատոնք բան մը կը նշանակե՞ն կամ կը յուշե՞ն, որ ներկան անվտանգ է, իսկ ապագան՝ ապահով։
Ճիշդ նման օրրհասական պահերուն է, որ պէտք է դառնալ զգօն ու զուսպ, որդեգրելով ուղի մը, որ չի վնասեր հայութեան, այլ կը պահանջէ բարձր գիտակցութիւն, իմաստուն քաղաքականութիւն, լուրջ պատասխանատուութիւն եւ համակ պատրաստուածութիւն։
Երբեք չկրկնել անցեալի սխալները, չիյնալու թակարդներու ու չխրուելու տիղմային որոգայթներու մէջ, այլ փնտռելով այն ճանապարհները, որոնք կը տանին ընդունելի բարօրութեան, տանելի բաւարարութեան եւ համակերպելի պայմանաւորուածութեան։
Ինքնարդարացումները բացարձակապէս մերժելի են, որովհետեւ անցնող տարիներու թաւալքին հետ, մեր բազմաթիւ գործելաձեւերուն մէջ, եթէ կային դրական նշաններ ու հետքեր, բայց, կային նաեւ զանազան զարտուղի բեւեռներ, անբաղձալի շարժեր եւ մանաւանդ անմիաբանական երեւոյթներ եւ արտասովոր բարքեր։
***
Այս մտորումները, իրենց սպիտակ ու սեւ գոյներով, անհրաժեշտ է լաւագոյնս ուսումնասիրել, համոզիչ արձանագրութիւններով, մանաւանդ որ՝ ինչպէս դիտել տրուեցաւ, ժամանակները իրապէս յղի են տարբեր բեմադրութիւններով, որոնք այժմէն իսկ չեն ներշնչեր լաւատեսութիւն, ոչ ալ՝ վստահութիւն։
Հետեւաբար, ի տես սուրիահայութեան դառնութեան եւ անձկութեան, պարտաւորութիւն ու հարկադրութիւն կայ, ամենայն յանձնառութեամբ ու խոհեմութեամբ գործել, ինչ որ ներկայիս առկայ է հալէպահայութեան մօտ, սակայն, վաղուան օրը ի՞նչ կը բերէ, անգիտանելի է, իսկ չարիքներէն խուսափիլը կամ զանոնք շրջանցելը, ողջախոհութեան լաւագոյն ցուցանիշն է։
2024ի տխրաբեր ժամանակները մեր ետին ձգելով, 2025ին մաղթենք հեզասահ, անվտանգ ու բարեշնորհ տարի մը։
«Ողջ լերո՛ւք»։
Պարոյր Յ. Աղպաշեան
«Նոր Օր»ի 2025ի Բացառիկին
(Պէյրութ)