image

Աւստրալիոյ մէջ գրանցուած է կապիկի ծաղկի նոր վարակ

Աւստրալիոյ մէջ գրանցուած է կապիկի ծաղկի նոր վարակ

Աւստրալիոյ մէջ գրանցուած է mpox-ի (կապիկի ծաղիկի) նոր տարբերակով վարակման առաջին դէպքը: Այս մասին հաղորդած է SBS հեռատեսիլային ալիքը՝ յղում ընելով Աւստրալիոյ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնին (CDC):

Ըստ ալիքին՝ խօսքը Clade 1b տարբերակի մասին է, որ յայտնաբերուած է մէկ տղամարդու մօտ, որ վերադարձած էր Թայլանտի մէջ կայացած արձակուրդէ: Սակայն, ինչպէս նշած է CDC, «այս դէպքին հետ կապուած հետագայ փոխանցման վտանգը եւ Աւստրալիոյ տարբերակի տարածման սպառնալիքը փոքր են»:

Աւստրալիոյ գլխաւոր առողջապահական բժիշկ Էնթընի Լոուլեր նշած է, որ երկրին մէջ արդէն ձեռնարկուած են յուսալի միջոցներ mpox-ի տարածման վտանգը վերացնելու համար:

Mpox-ը ժահրային հիւանդութիւն է, որ հիմնականին կը պատահի Ափրիկէի կեդրոնական եւ արեւմտեան հեռաւոր շրջաններուն մէջ, որոնք կը գտնուին արեւադարձային անտառներու հարեւանութեամբ: